Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Մօտ Բանակի Մէջ Մահուան Դէպքերու Հետ Կապուած Խորհրդակցութիւն Տեղի Ունեցած Է

Վարչապետի Մօտ Բանակի Մէջ Մահուան Դէպքերու Հետ Կապուած Խորհրդակցութիւն Տեղի Ունեցած Է

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Էտուարտ Մարտիրոսեան, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան, Զինուած ուժերու եւ իրաւապահ մարմիններու բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ:

Ըստ վարչապետի մամլոյ վարչութեան՝ մանրամասն անդրադարձ կատարուած է վերջին շրջանին Զինուած ուժերու մէջ տեղի ունեցած մահուան դէպքերու հանգամանքներուն եւ պատճառներուն: Պատասխանատուները զեկուցած են յարուցուած քրէական գործերու ընթացքին մասին:

Վարչապետ Փաշինեան առաջնահերթ համարած ԶՈՒ-ի մէջ քրէական ենթամշակոյթի եւ կարգապահութեան հետ կապուած առկայ խնդիրներու լուծումը եւ ընդգծած կարգապահութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը` պատասխանատուներուն տալով համապատասխան յանձնարարականներ:

Նկատենք, որ այս տարուան մէկուկէս ամիսներու ընթացքին բանակին մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ արդէն տասնեակէ աւելի զինծառայող մահացած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment