Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յարգանքի Երեկոյ Ի Պատիւ Ասատուր Կիւզելեանի

Յարգանքի Երեկոյ Ի Պատիւ Ասատուր Կիւզելեանի

by MassisPost

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Իր տեսակին մէջ ինքնատիպ երեկոյ մըն էր որ տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի 6 Փետրուար, 2020, երեկոյեան ժամը 7:30ին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ, ի պատիւ սփիւռքահայ ծանօթ անձնաւորութիւններէն` Տիար Ասատուր Կիւզելեանի: Սոյն միջոցառումը կը հովանաւորէր Արեւմտեան Թեմի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, կազմակերպութեամբ Պէյլանի Հայրենակցական Միութեան եւ Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի Սանուց Միութեան:

Ընտրանի հասարակութեան մէջ կը նշմարուէին առաջնորդ Յովնան Սրբազանի ներկայացուցիչ` Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան« ինչպէս նաեւ գաղութիս մշակութային« հայրենակցական, բարեսիրական, մամուլի եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսավարն էր ծանօթ արուեստագէտ` Յարութիւն Ֆօտուլեան: Ան սոյն միջոցառումը նախաձեռնող մարմնի անունով յայտնեց որ առողջական պատճառներով օրուան մեծարեալը չէր կրցած Լոնտոնէն գալ: Յ. Ֆօտուլեան ըսաւ թէ Ասատուր Կիւզելեանին նուիրուած այս ձեռնարկը` սովորականէն տարբեր է, քանի որ ոչ բանախօս ունի եւ ոչ ալ` գեղարուեստկան յայտագիր: Այս բոլորը փոխարինաբար ներկայացուած է քիչ ետք ցուցադրուելիք եւ իր անձին ու գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնով մը« որ կը կոչուի ՚Մասնագիտութիւնը` մարդՙ:

Երեկոյի հովանաւոր` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. այդ օր մասնաւոր առաքելութեամբ Ս. Էջմիածին գտնուելուն պատճառով զինք կը ներկայացնէր Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան: Այս առթիւ Տէր Մանուկ կարդաց առաջնորդ Յովնան Սրբազանի ողջոյնի գրութիւնը ուղղուած Ասատուր Կիւզելեանի« որուն մէջ բարձր կը գնահատուէր մեծարեալի բարեմասնութիւնները, որպէս բարերար, գրող, հասարակական գործիչ, ամրօրէն կառչած Մայր Հայրենիքին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին, հայ մշակոյթին ու սրբազան աւանդութեանց որ ՚տասնամեակներով լուսաւորած ու ներշնչած էք սերունդներու հոգին ու միտքը: Ձեր արթնամտութիւնն ու բացառիկ խանդավառութիւնը մշտապէս գօտեպնդած է բոլորս նորին ու ազնիւին գիտակցութեամբ: Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է առ Աստոաւծ որ դուք մնաք քաջառողջ ու դեռ երկար տարիներ խանդավառէք մեր ժողովուրդի զաւակունք Ձեր պայծառ տեսիլքներով ու մշտապէս նոր արշալոյսներ կերտելու ճարտար տրամադրութեամբՙ:

Այս առթիւ` Ասատուր Կիւզելեանի ուղղուած գնահատանքի եւ ողջոյնի խօսքերով ելոյթներ ունեցան Պէյլանի Հայրանեկցական Միութեան ատենապետ` Մանուկ Տոնոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայ Երիտասարդաց Միութեան անունով` Ենովք Պալիկեան եւ Կիլիկեան Բարեգործական Միութեան անունով` Ճորճ Մատոյեան: Իսկ Ասատուր Կիւզելանի անունով շնորհակալական խօսքով եւ յուշապատումներով ելոյթ ունեցաւ իր երբեմնի ընկերներէն` Հ.Մ.Մ.ի ու Պէյլանցիներուն ղեկավարներէն Տիգրան Սարաֆեան:

Ելոյթներու աւարտին` ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին Ասատուր Կիւզելենաի նուիրուած «Մասնագիտութիւնը` մարդ» փաստա-վաւերագրական ժապաւէնը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող սոյն ֆիլմի ցուցադրութեան ընթացքին` Ասատուր Կիւզելեան անձամբ պատմեց իր ինքկենսագրութեան խիստ հետաքրքրական դրուագները« մանկութեան դժբախտ տարիները, ուսանիլը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը, ուսուցչութիւնը Կալկաթայի (Հնդկաստան) մարդասիրական ճեմարանին մէջ, ամուսնութիւնը շնորհազարդ հայուհի Վիվիանի հետ: Հետաքրքրական էր իր ուղեւորութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ Հնդկաստան կատարած այցի ընթացքին (որպէս թարգմանիչ), ինչպէս նաեւ յիշարժան հանդիպումները Արամ Խաչատուրեանի հետ (Լոնտոն տուած այցի ժամանակ), Լարի Ատլըրի հետ (բերնի հարմոնիգայի մեծ վարպետ, որուն համար յատուկ եղանակ յօրինած է Արամ Խաչատուրեան), Ռուզվելթի, Չրչիլի եւ Ստալինի կեանքը փրկող K.G.B.-ի գործակալներ Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեաններու եւ բազմաթիւ այլ ականաւոր մարդոց հետ: Ֆիլմն աւելի հետաքրքրական դարձած է պատմա-վաւերագրական լուսանկարներով եւ փաստագրական հին ժապաւէններէն առնուած հատուածներով:

Ներկաները մեծ բաւարարութեամբ ու իրաւ հայու հպարտութեամբ մեկնեցան սրահէն իրենց հետ տանելով Ասատուր Կիւզելեանի հետաքրքրական կեանքի ապրուած դրուագները ու յատկապէս այն տպաւորութիւններով որ իսկապէս իր ՚Մասնագիտութիւնը` մարդՙ եղած է բառին բովանդակ իմաստով: Այո« մարդ« որուն մարդասիրական բազում արարքները համեստօրէն չէին յիշատակուած այս ֆիլմին մէջ:

Քաջառողջութեան եւ երկար ու արդիւնաւէտ տարիներու ամենաջերմ բարեմաղթութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment