Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սուրիոյ Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Սուրիոյ խորհրդարանը Փետրուար 13-ին միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Այս մասին «Արմենբրես»-ին տեղեկացուցած է լրագրող Սարգիս Գասարճեանը Սուրիայէն:

Խորհրդարանի նիստի օրակարգը կը ներառէր Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի կողմէ ներկայացուած՝ 20-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան թուրք իշխանաւորներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի այլ ներկայացուցիչներու ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հաստատող բանաձեւը։

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանը նշած է, որ աւելի քան 30 երկրի խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանը յատուկ նիստով յարգանքի տուրք մատուցած է 20-րդ դարասկիզբին մեծագոյն ոճիրի զոհերու յիշատակին:

Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհը նշած էր, որ թէեւ Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, սակայն անհրաժեշտ էր ունենալ նման բանաձեւ:

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Հաճ Իպրահիմը կարեւորած է Սուրիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ այն իրագործողներու ժառանգներն այսօր ալ նոյն ոճիրը կ’իրագործեն Սուրիոյ ժողովուրդի նկատմամբ՝ ահաբեկիչներու ձեռամբ: «Ճանաչումը կարեւոր է, քանի որ արաբական երկիրներէն միայն Լիբանանը մինչեւ այժմ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը», – ըսած է ան:

Խորհրդարանի արաբական եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մրճենէն շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որուն յաջորդած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն ասորիներու եւ սիւրիանիներու սպանդը։ «Ժամանակն է ճանչնալու եւ դատապարտելու այս անմարդկային արարքներն ու կանխելու զանոնց կրկնութիւնը, յատկապէս որ մեծաթիւ երկիրներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը», – յայտարարած է Մրճենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment