Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսական «Կազեթա»-ն Անդրադարձած Է Հայաստանի «Տնտեսական Հրաշքին»

Ռուսական «Կազեթա»-ն Անդրադարձած Է Հայաստանի «Տնտեսական Հրաշքին»

by MassisPost

Յետյեղափոխական Հայաստանի յաջողութիւններու մասին ռուսական մամուլը, մեղմ ըսած, յաճախ չի գրեր: «Կազեթա.ռու»-ն այսօր այդ աւանդոյթը խախտած է: «Տնտեսական հրաշք՝ ինչպէս Հայաստանը առաջ անցաւ Ռուսաստանէն» վերնագրով ռուսական թերթը յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ կ’ամփոփէ ԵԱՏՄ անդամներու տնտեսութիւններու գրանցած արդիւնքները:

ԵԱՏՄ հնգեակի բոլոր երկիրները պաշտօնական տուեալներու համաձայն դրական արդիւնքներ գրանցած են, սակայն Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի տարբերութիւնը ցնցող է, կը գրէ յօդուածի հեղինակը: ԵԱՏՄ երկիրներու շարքին ամենաբարձր աճը գրանցած է Հայաստանը, թերթը նշած է, որ 2019 թուականի առաջին 9 ամիսներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 7,5 տոկոսով, համեմատելու համար՝ նոյն ժամանակահատուածին Ռուսաստանի տնտեսութիւնը աճած է 1,3 տոկոս:

Ամբողջ տարուան կանխատեսումը, որ նախանշած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը, պիտի կազմէ 7,9 տոկոս: Սա ամենաբարձր արդիւնքն է ոչ միայն եւրասիական երկիրներու շրջագիծէն ներս: Հայաստանը կրնայ լաւագոյնը ըլլալ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ, ետին թողելով Վրաստանը, Թուրքիան, Պուլկարիան, Ռումինիան, Մոլտովան, Ուքրանիան եւ այլ երկիրներ:

Քորուփցիայի դէմ պայքարը, պիզնեսի համար հասկնալի խաղի կանոններու ստեղծումը, դրամատնային թափանցիկ համակարգը դրական կ’ազդեն ներդրողներու ծրագրերուն վրայ, Առեւտուրի եւ զարգացման սեւծովեան դրամատան նախագահ Տմիթրի Փանքինի խօսքերը մեջբերած է «Կազեթա»-ն: Փանքինը նաեւ կը կ’անխատեսէ, որ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ ենթակառուցուածքներու զարգացման վրայ պետական ծախսերու մասնաբաժինը պիւտճէին մէջ Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) 2,8 տոկոսէն մինչեւ 5 տոկոս մեծցնելու մտադրութիւնը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ երկրի տնտեսութեան զարգացման վրայ:

Ի՞նչը նպաստած է «հայկական տնտեսական հրաշքին», եթէ տպաւորիչ յաջողութիւն ոչ արդիւնաբերութեան, ոչ ալ առեւտուրի ոլորտին մէջ չէ արձանագրուած, իսկ շինարարութեան ոլորտին մէջ աճը նոյնիսկ դանդաղած է մինչեւ 4,5 տոկոս, ուժանիւթի ոլորտին մէջ, մինչեւ 2,7 տոկոս, գրած է յօդուածի հեղինակը եւ շարունակած, որ առաջընթացն ապահոված է իշխանութիւններու եւ հասարակութեան՝ տնտեսութիւնը թափանցիկ դարձնելու ցանկութիւնը:

Ռուսական պարբերականը յիշեցուցած է, որ 2018-ին Հայաստանը քաղաքական ճգնաժամ ապրած է: Նոր խորհրդարանը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստեղծած են Քորուփցիայի կանխարգելման յանձնաժողով եւ կազմակերպած են իրական վերահսկողութիւն պաշտօնեաներու եկամուտներու եւ ծախսերու նկատմամբ:

346 քորուփցիոն գործերու բացայայտման շնորհիւ 105 միլիոն տոլար վերադարձուած է պիւտճէ՝ 7 անգամ աւելի, քան վերադարձուած է անցած 11 տարիներու ընթացքին նոյն պատճառներով:

Վկայակոչելով հայկական մամուլը՝ ռուսական պարբերականը գրած է, որ Հայաստանի պիւտճէէն, որ կը կազմէր 3 միլիառ տոլար, կը գողնային մօտ 1 միլիառը, իսկ եւս 900 միլիոն տոլար պիւտճէ չէր հասներ հարկերու տեսքով: Ստուերներէն ստացուած եկամուտներու պատճառով հարկային եկամուտները նախորդ տարի աճած էին 43,6 տոկոսով 2017-ի համեմատ, իսկ 2018-ի համեմատ, 20 տոկոսով:

Յօդուածի հեղինակը համեմատականներ տանելով ԵԱՏՄ եւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ՝ շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացած է 20 տոկոսով, իսկ 18 տարեկանէն վար երեխաներու բժշկական ծառայութիւնները դարձած են անվճար, աւելցնելով, թէ փաստն այն է, որ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը գերազանցած է Վրաստանին եւ նոյնիսկ նաւթով հարուստ Ատրպէյճանին՝ մէկ շունչին հասնող Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) առումով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment