Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ղեկավարները Հիւրընկալեցին Յորդանանի Թագաւորին

Հայաստանի Ղեկավարները Հիւրընկալեցին Յորդանանի Թագաւորին

by MassisPost

Յորդանանի հետ յարաբերութիւնները ՀՀ-ի համար շատ կարեւոր են, կառավարութեան մէջ հիւրընկալելով պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող այդ երկրի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդ Իպն Ալ Հուսէյն Ալ Հաշիմին՝ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն վարչապետի աշխատակազմէն:

«Մեր ժողովուրդը շատ դրական պատմական յիշողութիւն ունի Ձեր երկրի հետ կապուած, քանի որ Ձեր երկիրը, Ձեր ժողովուրդը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու նկատմամբ, եւ այս փաստն աւելի կը ջերմացնէ մեր վերաբերմունքը Յորդանանի եւ անոր ժողովուրդի նկատմամբ», – նշած է Փաշինեանը:

Հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկած են հայ-յորդանանեան տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր, անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին եւ ընդգծած հիմնախնդրի՝ բանակցային ճանապարհով լուծման կարեւորութիւնը:

abdullah-pashinyan

Նախագահի աշխատակազմէն ալ յայտնած են, որ Յորդանանի նախագահը հիւրընկալած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Վերջինս հանդիպման ժամանակ բարձրացուցած է Հայաստանի քաղաքացիներու համար Յորդանան մուտքի արտօնագրային ռեժիմի վերացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ կրկնակի հարկումը բացառելու մասին պայմանագրի ստորագրման հարցը:

Զրուցակիցները նշած են, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ կան բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ: Կարեւորուած է նաեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան բացումը երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու միջեւ:

Յորդանանի թագաւորը այցելած է Մայր Աթոռ Ս.  Էջմիածին, ուր հիւրընկալուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment