Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջին Անգամ Ըլլալով Յորդանանի Թագաւորը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Առաջին Անգամ Ըլլալով Յորդանանի Թագաւորը Հայաստան Պիտի Այցելէ

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով Փետրուար 10-ին առաջին անգամ երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր Ապտալա երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմին:

Նախագահական նստավայրէն ներս տեղի պիտի ունենայ Յորդանանի թագաւորի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ նախագահ Սարգսեանի եւ թագաւոր Ապտալա երկրորդի հանդիպումը: Երկու երկիրներու ղեկավարները հանդէս պիտի գան նաեւ «Կրօն եւ հանդուրժողականութիւն» թեմայով ելոյթով:

Այցի շրջածիրէն ներս Յորդանանի թագաւորը պիտի հանդիպի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անոր պիտի հիւրընկալէ Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Ապտալա երկրորդը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

«Ապտալա երկրորդ Իպն Ալ-Հուսէյն Ալ-Հաշիմին մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ իսլամական աշխարհին մէջ, ան Հաշիմեան թագաւորական գերդաստանի ներկայացուցիչ է, Մուհամմատ մարգարէի 41-րդ սերունդէն, գահ բարձրացած է 1999-ի Փետրուար 7-ին: Նախագահ Սարգսեանը եւ Յորդանանի թագաւորը հանդիպած էին 2019-ի Ապրիլին Հայաստանի նախագահի՝ Յորդանան աշխատանքային այցի ընթացքին: Հայաստանի նախագահը հրաւիրած էր Յորդանանի թագաւորը Հայաստան», – ըսուած է նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment