Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աշխարհահռչակ 100 Հայեր Պիտի Մասնակցին Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի 100 Ամեակին Նուիրուած Միջոցառումներուն

Աշխարհահռչակ 100 Հայեր Պիտի Մասնակցին Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի 100 Ամեակին Նուիրուած Միջոցառումներուն

by MassisPost

Աշխարհահռչակ 100 հայեր պիտի գան Հայաստան՝ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) 100 ամեակին ընդառաջ: Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին յայտնած է ԵՊԲՀ տնօրէն Արմէն Մուրատեանը:

«Եւ այսպէս,աշխարհահռչակ ուռուցքաբան Կրեկորի Կալամքերեանը ելոյթ պիտի ունենայ ԵՊԲՀ 100-ամեակի բժշկական քոնկրէսի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 28-էն Հոկտեմբեր 3, ԵՊԲՀ-ի մէջ:

Փրոֆ. Կալամքերեանը Միչիկընի համալսարանի քաղցկեղի կեդրոնին մէջ կը ղեկավարէ թորակալ ուռուցքաբանութեան բաժանմունքը: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ կը ղեկավարէ Թոքի մանրաբջիջային քաղցկեղի վարման NCCN ամերիկեան ուղեցոյցի փորձագիտական յանձնաժողովը: Բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր, հանրայայտնի բժիշկ-գիտնականը 2018-էն համատեղութեամբ նաեւ կը հանդիսանայ ԵՊԲՀ ուռուցքաբանութեան ամպիոնի փրոֆեսըր»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment