Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը National Geographic-Ի Առաջարկած Զբօսաշրջային Հետաքրքրական Ուղղութիւններու Ցուցակին Մէջ Է

Երեւանը National Geographic-Ի Առաջարկած Զբօսաշրջային Հետաքրքրական Ուղղութիւններու Ցուցակին Մէջ Է

by MassisPost

National Geographic-ը խորհուրդ կու տայ արդէն սկսիլ մշակել տարուայ ընթացքին ճանապարհորդելու ուղղութիւնները: Այն իր «հետաքրքրական ցուցակին» մէջ ներառած է 20 ամենահետաքրքիր վայրերը. Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը անոնցմէ մէկն է:

«Հետաքրքրական ցուցակին» (Cool List) մէջ ներառուած են ինչպէս քաղաքներ, այնպէս ալ պետութիւններ՝  Նամիպիայէն Վիեթնամ, Երեւանէն Լոս Անճելըս:

«Նոր թռիչքներ կը բացուին դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք՝ աշխարհի հնագոյն մշտական բնակեցուած քաղաքներէն մէկը»,- կը գրէ National Geographic-ն ու կը պատմէ եւրոպական «Ryanair»-ի եւ «Wizz Air»-ի՝ Հայաստան մուտքի մասին:

Այն կը յիշեցնէ, որ դէպի Երեւան զբօսաշրջային փաթեթներ կ’առաջարկեն նաեւ Black Tomato and G Adventures զբօսաշրջային հեղինակաւոր ընկերութիւնները՝ հիմնական կեդրոնանալով ոչ միայն Երեւանի հարուստ պատմական անցեալի, այլ առանձնայատուկ խոհանոցի ու գինիի հազարամեայ աւանդոյթներու վրայ, դրամագլուխի վերածելով Մետաքսի ճանապարհի նկատմամբ մեծցող հետաքրքրութիւնը:

Cool List-ի մէջ ներառուած են նաեւ Պաճա Քալիֆորնիան (Մեքսիքա), Լիբանանը, Սլովենիան, Փանաման, Լիոնը, Եթովպիան, Փորթօ Ռիքօն, Ռիօ տե Ժանէրօն, այլ երկիրներ եւ քաղաքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment