Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Հոկտեմբեր 27»- ի Գործէն Զեղչուած Մասին Համար Քննչական Խումբ Ստեղծուած է

«Հոկտեմբեր 27»- ի Գործէն Զեղչուած Մասին Համար Քննչական Խումբ Ստեղծուած է

by MassisPost

«Հոկտեմբեր 27»-ի գործէն անջատուած եւ կարճուած մասի քննութիւնը իրականացնելու համար Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ներս (ԱԱԾ) քննչական խումբ ստեղծուած է, «Ազատութեան» հետ զրոյցի մասին յայտնած է գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը։

Գոռ Աբրահամեանի խօսքով՝ ԱԱԾ-ի մէջ քննչական խումբի ստեղծումը պայմանաւորուած չէ միայն «Հոկտեմբեր 27»-ի գործով տուժողի իրաւայաջորդ Անահիտ Բախշեանի դիմումով։

«Չեմ ուզում պայմանաւորել, որ այդ բողոքի քննարկման շրջանակներում է դա եղել, դա դատավարական գործընթաց է, այսինքն՝ որոշումը կայացուել է հիմնականում գործի քննութեան, այսինքն՝ վարոյթի առարկայականութիւնը, ամբողջութիւնը, լրիւութիւնն ապահովելու նկատառումներից ելնելով», – ըսած է Աբրահամեանը:

Հարցին՝ Անահիտ Բախշեանը խնդրած էր, որ այդ գործի քննութիւնը յանձնարարուի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ), սակայն մերժուած է, ի՞նչ է պատճառը, դատախազի խորհրդականը պատասխանած է. – «Հիմնական պատճառը նա է, որ քննչական ենթակայութիւնը որոշել է սահմանուած կարգով, այսինքն՝ պատշաճ ենթակայութիւն է համարուել հենց ԱԱԾ-ի վարոյթին յանձնելը գործի քննութիւնը, բացի դրանից, ինքը նաեւ վիճարկել էր որպէս վարոյթ իրականացնող մարմնի ԱԱԾ-ին յանձնելու հանգամանքը, բայց սովորաբար բացարկի հետ կապուած միջնորդութիւնները պէտք է ներկայացուեն վարոյթն իրականացնող քննիչի կապակցութեամբ, իսկ դրա վերաբերեալ իր կողմից որեւէ փաստարկ, հիմնաւորում չի ներկայացուել»:

Ինչ կը վերաբերի գործէն կարճուած մասի քննութեան համար առանձին քննչական խումբի ստեղծման, ապա Աբրահամեանը մանրամասնած է. – «Հաշուի առնելով գործի կարեւորութիւնը, նշանակութիւնը, նաեւ ողջ ծաւալով քննութեան առարկայ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ քննչական խումբ ձեւաւորելու մօտեցումը տրամաբանական է եւ լրիւ օրինաչափ»:

Հոկտեմբեր 27-ի ահաբեկչութեան զոհերէն Եուրի Բախշեանի այրին՝ Անահիտ Բախշեանը, անցած տարուան Դեկտեմբեր 18-ին դիմած է Գլխաւոր դատախազութիւն՝ պահանջելով վերացնել «Հոկտեմբեր 27»-ի գործէն անջատուած մասի կարճման որոշումն ու սկսիլ նոր քննութիւն։ Մօտ մէկ շաբաթ անց Գլխաւոր դատախազութիւնը բաւարարեց դիմումը, սակայն հրաժարեցաւ գործի քննութիւնը յանձնել ՅՔԾ-ին:

«Հոկտեմբեր 27»-ի գործէն անջատուած մասը 2000 թուականին առանձնացուած էր, որպէսզի պարզուէր՝ արդեօք կային յանցագործութեան այլ մասնակիցներ, դրդիչներ ու հնարաւոր կազմակերպիչներ: Սակայն «Հոկտեմբեր 27»-էն առանձնացուած այս գործը Գլխաւոր դատախազութիւնը կարճած էր 4 տարի անց՝ 2004 թուականին՝ յանցադէպի բացակայութեան պատճառաբանութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment