Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի Նախագահ Վահագն Վերմիշեանը Ձերբակալուած է Խոշոր Չափի Կաշառք Ստանալու Համար

Քաղաքաշինութեան Կոմիտէի Նախագահ Վահագն Վերմիշեանը Ձերբակալուած է Խոշոր Չափի Կաշառք Ստանալու Համար

by MassisPost

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանը ձերբակալուած է առանձնապէս խոշոր չափի կաշառք ստանալու համար, կը յայտնեն Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ): ԱԱԾ-ն խուզարկութիւն կատարած է անոր աշխատասենեակէն ներս ու իրեր առգրաւած:

Ըստ ԱԱԾ հաղորդագրութեան՝ ստացուած են փաստական տուեալներ այն մասին, որ ան շինարարական աշխատանքներ ծաւալող անձանց կամ կառուցապատող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, ինչպէս անձամբ, այնպէս ալ մտերիմի միջոցով 5 դէպքով խոշոր եւ առանձնապէս խոշոր՝ 1 միլիոնէն 2.5 միլիոն դրամի չափով, գումարի կամ ապրանքանիւթական արժէքներու տեսքով կաշառք ստանալու դիմաց, նախորդ տարի անոնց օգտին կատարած է գործողութիւններ կամ նպաստած է ցանկալի որոշումներու արագ կայացման եւ տրամադրման:

ԱԱԾ-ն կը հաղորդէ, որ ան իր մտերիմի անունով հիմնած է նախագծման աշխատանքներ իրականացնող ՍՊԸ եւ ուղղորդած է իրեն դիմած կառուցապատողներուն եւ անհատներուն գործարքներ կատարել այդ ընկերութեան հետ` միջոցներ ձեռնարկելով ընկերութեան կողմէ կազմուած փաստաթուղթերու հիման վրայ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ բարենպաստ որոշումներու կայացման համար:

«Բացի այդ, ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահը 2019-ի Հոկտեմբերի 23-ին իր աշխատասենեակում տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերել մի քանի շինարարական ընկերութիւնների սեփականատիրոջը «Հայաստանի վաստակաւոր շինարարի» կոչման ներկայացնելու համար, դրա դիմաց որպէս կաշառք ստանալով 2.379.950 դրամին համարժէք 5000 ԱՄՆ տոլար գումար եւ շուրջ 2.300.000 ՀՀ դրամին համարժէք շինանիւթ», – ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ։

ԱԱԾ-ի կողմէ յարուցուած քրէական գործի շրջածիրէն ներս, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձինք բերման ենթարկուած են, անոնցմէ երեքը՝ այդ շարքին Վահագն Վերմիշեանը ձերբակալուած են, ընդ որում կաշառք ստացած պաշտօնեան որպէս կասկածեալ հարցաքննուելով խոստովանած է յանցագործութեան կատարումը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, 55-ամեայ Վերմիշեանը Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօնին նշանակուած էր 2019-ի Մարտին, ան մինչ այդ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդականը եղած է, անցեալին ալ շարք մը ղեկավար պաշտօններ զբաղեցուցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment