Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխող Մեծամասնութիւնը Կ’առաջարկէ Դադրեցնել Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի Վեց Անդամի Լիազօրութիւնները

Իշխող Մեծամասնութիւնը Կ’առաջարկէ Դադրեցնել Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի Վեց Անդամի Լիազօրութիւնները

by MassisPost

Ազգային ժողովի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը Փետրուար 6-ի արտահերթ նիստէն առաջ շրջանառութեան մէջ դրած է սահմանադրական փոփոխութիւններու նոր նախագիծ։

Նախագիծով կ’առաջարկուի դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի վեց անդամներու եւ նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները։ Խօսքը անոնց մասին է, որոնք ընտրուած են մինչեւ գործող Սահմանադրութեան 7-րդ գլուխի ուժի մէջ մտնելը։ Սա չի վերաբերիր Արման Դիլանեանին եւ Վահէ Գրիգորեանին, որոնք դատաւոր ընտրուած են գործող Սահմանադրութեան ամբողջական ուժի մէջ մտնելէն ետք։

«Սա Սահմանադրական դատարանում ստեղծուած ճգնաժամի հանգուցալուծումներից է եւ աւելի վաղ պէտք է արուէր», – ըսած Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Ալեն Սիմոնեանը։ – « Խնդիրը, որ ասում էին լուծուելու է, լուծուելու է, փորձում ենք լուծել եւ լուծելու ենք։ Հանգուցալուծուելու է ամենաօրինական եւ միանշանակ արագ ժամանակահատուածում, որը որ հնարաւոր է, որովհետեւ մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը այլեւս չենք կարող թողնել այն պարտիզանական փոքրիկ խմբակների գործունէութեանը, որը որ դեռ կան»։

Նախագիծին մէջ այս փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը կը հիմնաւորուի հետեւեալ կերպ. Սահմանադրական դատարանի ներկայիս կազմի պահպանման պարագային 2015 թուականի Սահմանադրութեամբ ընտրուած դատաւորներու եւ մինչ այդ նշանակուած անդամներու պաշտօնավարման ժամկէտներու միջեւ էական տարբերութիւն կայ: Մինչ նորընտիր դատաւորները կը պաշտօնավարեն 12 տարիով, անցեալին նշանակուած անդամները, որոնք նշանակուած են 1995 թուականի Սահմանադրութեամբ, պիտի պաշտօնավարեն մինչեւ 70 տարեկանը լրանալը, իսկ 2005 թուականի Սահմանադրութեամբ նշանակուածները՝ մինչեւ 65 տարեկանը լրանալը:

Աւելի պատկերաւոր իրավիճակը ներկայացնելու համար, օրինակ, ՍԴ մէկ անդամը կրնայ պաշտօնավարել այս դատական կազմին մէջ 33 տարի, իսկ նորընտիր դատաւորի համար այդ ժամկէտը սահմանափակուած է 12 տարիով:

Ըստ Ազգային ժողովի փոխխօսնակի, այս փոփոխութեան նպատակը Սահմանադրական դատարանի կազմի սահմանադրականութեան եւ անոր նկատմամբ հանրութեան եւ իշխանութեան ճիւղերու կողմէ վստահութեան բացակայութեան ճգնաժամի հանգուցալուծումն է եւ 2015-ի փոփոխութիւններով նախատեսուած Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորումը «Խախտուել է այն ժամանակ, երբ որ Սահմանադրական դատարանին տրուել է լիազօրութիւն լինել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդից բարձր։ Այսինքն, փաստացի իշխանութիւնը պատկանել է ոչ թէ ժողովրդին, այլ տուել են Հրայր Թովմասեանին, իրեն էլ երեսուն տարով նշանակել այդ համակարգի ղեկավար»։

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար էտմոն Մարուքեանն այս ճանապարհը կը համարէ անօրինական եւ վտանգաւոր. – «Սա իրապէս մեծ վտանգ է Հայաստանում իրաւունքի գերակայութեան համար, եւ սա վատ նախադէպ կարող է դառնալ ապագայում ցանկացած նոր իշխանութեան համար՝ նոյն ճանապարհով վտարել դատարանների դատաւորներին եւ նշանակել իր համար նոր դատաւորներ։ Եւ աշխարհի, Եւրոպայի խորհրդի գոնէ անդամ պետութիւններում որտեղ որ նման բան է արուել, այդ պետութիւնը լուրջ խնդիրների առաջ է կանգնել։ Եթէ ուզում են Հայաստանը լուրջ խնդիրների մէջ մտցնեն, մեզ հաւասարեցնեն էսօր նման խնդիրների համար քննադատուող Ատրպէյճանի մակարդակին, ինչ ասեմ, ուրեմն երկար չեն մտածել, խորը չեն մտածել, նաեւ չեն հասկանում, թէ ինչ վտանգներով է յղի այս որոշումը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment