Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Զսպուածութեան Կոչ Կ’ընէ ՍԴ-Ի Շուրջ Ճգնաժամի Կողմերուն

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Զսպուածութեան Կոչ Կ’ընէ ՍԴ-Ի Շուրջ Ճգնաժամի Կողմերուն

by MassisPost

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիօն կը կիսէ ԵԽԽՎ մշտադիտարկման համազեկուցողներու մտահոգութիւնները կառավարութիւն-ՍԴ լարուածութեան վերաբերեալ: Այս մասին ան նշած է իր յայտարարութեան մէջ:

«Ես կը շարունակեմ մտահոգուած մնալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վերաբերող բացայայտ  ճգնաժամով: Կը կիսեմ ԵԽԽՎ մշտադիտարկամն համազեկուցողներու մտահոգութիւններն այդ առնչութեամբ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ճիանի Պուքիքիօն նախ յիշեցուցած է 2019 թուականին Վենետիկի յանձնաժողովի կողմէ ընդունուած յանձնարարակաները, որ «որեւէ վաղ կենսաթոշակի ձեւակերպում պէտք է իսկապէս ըլլայ կամաւոր, բացառուի որեւէ անպատեհ քաղաքական կամ անձնական ճնշում դատաւորներու վրայ, եւ պէտք է այնպէս մշակուի, որպէսզի չազդէ ընթացիկ գործերու արդիւնքներու վրայ»:

«Վերջին հանրային յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները չեն համապատասխաներ այս չափանիշներուն եւ պիտի չնպաստեն իրավիճակի հանգուցալուծման: Ժողովրդավարական մշակոյթը եւ հասունութիւնը կը պահանջեն, որ պետական հիմնարկները դրսեւորեն զսպուածութիւն, բարի կամք, փոխադարձ յարգանք: Ես կրկին կողմերուն կոչ կ’ընեմ զսպուածութիւն հանդէս բերելու եւ հանգուցալուծելու այս անհանգստացնող իրավիճակը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ Հայաստանի Սահմանադրութեան նորմալ կիրառումը», – յորդորած է Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը:

Յիշեցնենք, ԵԽԽՎ Հայաստանի մշտադիտարկման համազեկուցողները նկատած էին․ – «Մենք արդէն շեշտած ենք, որ քաղաքական խաղացողները պէտք է ձեռնպահ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ որպէս դատական համակարգի նկատմամբ ճնշման գործադրում։ Որպէս յաւելում, մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընենք նուազեցնելու լարուածութիւնը:

Վերջապէս, այս լարուածութիւնը պէտք չէ ստուերէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ անոնց, որոնք կը նախապատրաստուին, թէ՛ անոնց, որոնք արդէն գործարկուած են Եւրոխորհուրդի հետաքրքրութիւններու շրջագիծէն ներս գտնուող շատ ոլորտներու մէջ։»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment