Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զինծառայողի Մահուան Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է Նախկին Պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի Որդիին

Զինծառայողի Մահուան Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է Նախկին Պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի Որդիին

by MassisPost

Քննչական կոմիտէն մեղադրանք առաջադրած է Հանրապետական խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Առաքել Մովսիսեանի որդի՝ Դաւիթ Մովսիսեանին:

Ան կը մեղադրուի զինծառայողներու միջեւ ստորադասութեան յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային փոխյարաբերութիւններու կանոնագրքային կանոնները խախտելու համար, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ: Մովսիսեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։

Նախկին պատգամաւորի որդիի փաստաբան Գոռ Գէորգեանի պնդմամբ՝ մինչդեռ մեղադրանքի որոշումը որեւէ յանցակազմ չի պարունակեր. – «Որեւէ աղերս չունի առաջադրուած մեղադրանքի հետ»:

Մովսիսեանը եւ երկու այլ զինծառայողներ ձերբակալուած էին Յունուար 30-ին Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ ողբերգական միջադէպի հետեւանքով 20-ամեայ զինուոր Վահրամ Աւագեանի մահուան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջագիծէն ներս:

Այս զօրամասին մէջ տիրող բարքերու մասին «Արցախի «էլիթար» զօրամասը, բարձրաստիճան պաշտօնեաների որդիներն ու «ինքնասպանութեան» դէպքերը․ ուշագրաւ մանրամասներ» վերտառութեամբ լայնածաւալ հրապարակմամբ հանդէս եկած է Auroranews-ը: Դատախազութիւնն այն ստուգելու նպատակով ուղարկած է քննչական մարմին:

Ըստ Auroranews-ի հրապարակման՝ այս զօրամասին մէջ կը ծառայեն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) Հակահետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Եսայի Մկրտչեանի, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի, ԱԱԾ մէկ այլ պաշտօնեայ Կարէն Սահակեանի որդիները։

Լրատուամիջոցի անանուն զրուցակիցը պատմած է, թէ այնտեղ, այսպէս ըսած, «կլան» ձեւաւորուած է, որ ճնշում կը գործադրէ միւս զինուորներու նկատմամբ, խումբի «առաջնորդն» Արայիկ Սարգսեանն է, անոնք դրամահաւաքութեամբ կը զբաղուին, «Արայիկն ամէն ամիս գումար ստանալու օրը զինուորներին հաւաքում է ու «լոլո» կարդում, գումարը պահանջում», զինուորներն ալ, ըստ այդ աղբիւրի, աւելորդ խնդիրներէ խուսափելու համար իրենց հասանելիք գումարները կու տան:

Ինչ կը վերաբերի Վահրամ Աւագեանի մահուան, Auroranews-ի զրուցակիցը մանրամասնած է․ – «Չգիտեմ՝ կատարուածն ինքնասպանութիւն է, թէ սպանութիւն, բայց մեղաւորն Արայիկն է, ինքն է սաղի «գլխին»։ սպաները բան չեն անում, լրիւ  վրէժխնդրական  մթնոլորտ է տիրում այդ զօրամասում, վախենում են ինչ-որ բան անել»։

Հրապարակմանն անդրադարձած է նաեւ ԼՂ պաշտպանութեան բանակը: «Զօրամասը, որին անդրադարձել է տուեալ լրատուամիջոցը, իրաւամբ ունի էլիթարի համբաւ, քանի որ ինչպէս Արցախեան առաջին պատերազմում, այնպէս էլ 2016թ. ապրիլեան քառօրեայ առճակատման ժամանակ լրջագոյն դերակատարութիւն է ունեցել հակառակորդի լայնածաւալ յարձակումները կասեցնելու եւ վերջինիս զինադադարը պարտադրելու գործում: Ընդգծում ենք նաեւ, որ տուեալ զօրամասը մարտական պատրաստուածութեամբ ու պատրաստակամութեամբ զբաղուելով հանդերձ կրում է նաեւ մարտական հերթապահութիւն:

Ինչ վերաբերում է զօրամասում բարձրաստիճան պաշտօնեաների որդիների ծառայութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած «փաստին», ապա դա ոչ այլ ինչ է, քան տեղեկատուական շահարկում, քանի որ զինուած ուժերում նորակոչիկ անձնակազմի ծառայութեան վայրը որոշւում է բացառապէս վիճակահանութեան սկզբունքով, եւ որը պարտադիր է բոլոր զինակոչիկների համար՝ անկախ նրանց ծնողների կամ հարազատների զբաղեցրած դիրքից», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment