Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր – Մարտ 6, 2020

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր – Մարտ 6, 2020

by MassisPost

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցող Միջազգային Քրիստոնեայ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 50-րդ տարեդարձը այս տարի պիտի նշուի Լոս Անճէլոսի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիին մէջ (3480 Cahuenga Blvd. West, Los Angeles, CA 90068), Ուրբաթ Օր, Մարտի 6-ին։ Օրուան յայտագիրը պիտի սկսի աղօթքներով առաւօտուն ժամը 10: 30-ին, իսկ պաշտամունքը ժամը 11: 00-ին: Անցեալ տարուան Համաշխարհային աղօթքի օրը տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիին մէջ։

Ինչպէս ամէն տարի, շրջանի եկեղեցիներու՝ Առաքելական, Աւետարանական, Եղբայրութիւն, Ժողովական, Կաթողիկէ եւ Նազովրեցի, տիկիններէ բաղկացած յանձնախումբ մը ծրագրած եւ պատրաստած է այս 50-րդ Աղօթքի Օրը։  Երկու ներշնչող պատգամաբերներ, Տօքթ Ալինա Մկրտիչեան Հայերէնով՝ իսկ Տիկին Սինթիա Քէթէնճեան անգլերէնով պիտի խօսին օրուան բնաբանին մասին։  Յայտագրին պիտի մասնակցին նաեւ տիկիններ շրջանի տարբեր Հայ եկեղեցիներէ։ Այս տարուան Աղօթքի Օրուան համաշխարհային նիւթը ընտրուած է Զիմպապուէի կանանց կողմէ։

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան նպատակն է ցոյց տալ, թէ աղօթքն ու գործը անբաժանելի մասնիկներ են եւ երկուքն ալ ունին անչափելի ազդեցութիւն ամբողջ աշխարհի վրայ։ Մարի Ակիւլեան համակարգողն է օրուան յայտագրին եւ սիրով կը հրաւիրէ բոլոր տիկինները ներկայ գտնուելու։

Պաշտամունքէն ետք տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի թեթեւ ճաշ նշելու Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի օրուան 50-րդ տարեդարձը Հարաւային Քալիֆորնիայի մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment