Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Forbes. Հայաստանը Արհեստագիտութիւններու Յաջորդ Համաշխարհային Կեդրոն

Forbes. Հայաստանը Արհեստագիտութիւններու Յաջորդ Համաշխարհային Կեդրոն

by MassisPost

Մինչդեռ Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Թուրքիան կը միաւորուին խոշոր ենթակառուցուածքային ծրագրերու (օրինակ՝ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի ծրագիրը) իրագործման եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ ցամաքային կամուրջի պատմական դերը վերածնելու համար, Հայաստանը այլ ուղիով կ’երթայ՝ արհեստագիտութիւններու զարգացման ուղիով: Այս մասին իր յօդուածին մէջ կը գրէ Forbes-ի սիւնակագիր Ուեյտ Շեփարտը:

Անոր խօսքով՝ երկրի հիմնական զէնքը մարդկային դրամագլուխն է: Հակառակ անոր, որ Հայաստանն արդէն երկար տարիներ քայլեր կը կատարէ բարձր արհեստագիտական ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ, ոլորտն իսկապէս սկսած է թափ հաւաքել 2018 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ:

Հեղինակը կը մէջբերէ Reddit-ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանին, որ կը կարծէ, որ վերջին փոփոխութիւնները երիտասարդներու համար ազդանշան դարձած են, որ անոնք կրնան կերտել իրենց ճակատագիրն ու առաջ շարժիլ:

Շեփըրտը նշած է, որ Հայաստանի մէջ խոշորագոյն արտասահմանեան ներդրումները IT ընկերութիւններու մէջ ներդրումներն են: Այդպիսով, Հայաստանի մէջ ներկայացուած են աշխարհի արհեստագիտական ամենաազդեցիկ ընկերութիւններէն շատերը, ներառեալ՝ Intel, Microsoft, Google, IBM, Synopsys եւ Cisco, քանի որ երկրի արհեստագիտական ոլորտը 2018 թուականին աճած է 33%-ով եւ հասած է տարեկան 250 միլիոն տոլարի:

Հեղինակը մանրամասն կը ներկայացնէ հայկական սթարթափներու, ինչպէս նաեւ Արմատ տարրալուծարաններու պատմութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment