Ամերիկեան պասքէթպոլի աստղ Քոպի Պրայանթի վթարի ենթարկուած ուղղաթիռի օդաչուն եղած է Արա Զապոյեանը, որ եւս մահացած է: Այս մասին կը գրէ CBS Los Angeles-ը: Ուղղաթիռին մէջ եղած է 8 ուղեւորներ, որոնք բոլորը մահացած են:
Յիշեցնենք, որ NBA աստղ պասքէթպոլիստ Քոպի Պրայանթը մահացած է ուղղաթիռի վթարի պատճառով: Ուղղաթիռին մէջ Պրայանթի հետ եղած է նաեւ իր դուստրը, որ 13 տարեկան էր:
Քոպի Պրայանթը 41 տարեկան էր: Ան հինգ անգամ «Լոս Անճելըս Լեյքըրս»-ի կազմին մէջ դարձած է NBA ախոյեան, 2008 ճանչցուած էր NBA-ի ամենաարժէքաւոր պասքէթպոլիստ: ԱՄՆ հաւաքականի հետ երկու անգամ դարձած էր Ողիմպիական խաղերու ախոյեան:
NBA-ի պատմութեան մէջ բոլոր ժամանակներու պասքէթպոլիստներու շարքին ան 33643 միաւորով ամենարդիւնաւէտ չորրորդ պասքէթպոլիստն էր: 2018 թուականին արժանացած է «Օսքար»-ի լաւագոյն կարճամեթրաժ ֆիլմի համար: