Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱԽ-ի Կազմակերպած Հանդիպումը Գոնկրէսական Ճիւտի Չուի Հետ

ՀԱԽ-ի Կազմակերպած Հանդիպումը Գոնկրէսական Ճիւտի Չուի Հետ

by MassisPost

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ) հրաւէրով Յունուար 23-ին, ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան անդամ, գոնկրէսական Ճիւտի Չու, որ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ Արցախ:

Հանդիպումին ներկայ էին համայնքի մեծ թիւով անդամներ, ՍԴՀԿ ղեկավար մարմինի  եւ քաղաքային ներկայացուցիչներ:

Հանդիպումը համադրեց ՀԱԽ-ի վարչութեան անդամ, իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան նախ ներկայացուց գոնկրէսական Չուի երկարամեայ հասարակական գործունէութիւնըª վեր առնելով անոր կեցուածքը Ամերիկահայ համայնքը յուզող հարցերու շուրջ:

Հետաքրքիր զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ Ամերիկեան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերու հաստատման, ԱՄՆ-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն եւ Գոնկրէսի պատուիրակութեան Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան մասին:

Ճիւտի Չու վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը եւ նեցուկը Ամերիկահայ համայնքին եւ խօսեցաւ յատկապէս Արցախի բնական գեղեցկութեան եւ  իր ստացած տպաւորութիւններուն: Ան ըսաւ որ, ինքզինք շատ ապահով զգացած է Արցախի մէջ, հակառակ Ազերի շրջանակներու կողմէ իրեն ուղղուած զգուշացումներուն եւ այցելութիւնը չեղեալ ընելու պահանջներուն:

Գոնկրէսականը յայտնեց որ, ամենէն տպաւորիչը եղած է Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Յուշհամալիր այցելութիւնը:

Ճիւտի Չու խօսեցաւ նաեւ  Halo կազմակերպութեան կողմէ կատարուող ականազերծման աշխատանքներուն, որոնք մնացած են պատերազմի տարիներէն եւ կը շարունակեն մարդկային զոհեր խլել: Ան յայտնեց որ, աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին դիտորդական կէտեր հաստատուին, զինադադարի պահպանման վրայ հսկելու համար:

Երեկոյի ընթացքին ներկաները առիթը կ°ունենային հեռատեսիլի պաստառի վրայ տեսնելու տեսարաններ այցելութեան վայրերէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment