Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աւագանիի «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Անդամ Հենրիկ Հարթենեանը Մանտաթը Վար Դրած է

Աւագանիի «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Անդամ Հենրիկ Հարթենեանը Մանտաթը Վար Դրած է

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան աւելի քան 3 ժամ տեւած նիստէն ետք Հենրիկ Հարթենեանը գործընկերներու յորդորով վար դրած է իր մանտաթը։

Հրատապ նիստը հրաւիրուած էր այն բանէն ետք, երբ աւագանիի արդէն նախկին անդամը, որ նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ է, Ֆեյսպուքի իր էջին «Սառա Թովմասեան» օգտատիրոջ ֆեյսպուքեան էջի նկարը տեղադրած ու կից գրած էր. «Հրայր Թովմասեանի աղջկայ ֆեյսպուքն է, ձեզ տեսնեմ ժողովուրդ ջան»։ Նկարի հրապարակման նախորդած էր վարչապետի եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահի հեռակայ թէժ բանավէճը:

Աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Սուրէն Էյրամջեանն ըսած է, որ իրենց գործընկերոջ արարքը նիստի ընթացքին դատապարտած են ու յորդորած են հրաժարիլ մանտատթէն. – «Երէկ խմբակցութիւնը յայտարարութիւն տարածեց, որում որ դատապարտեցինք երեւոյթը։ Այսօր քննարկման ժամանակ խմբակցութեան անդամները վերահաստատեցին իրենց դիրքորոշումը այդ հարցի հետ կապուած: Վերահաստատեցինք, որ դա մեր արժեհամակարգին հարիր չէ, դա մեր որդեգրած սկզբունքներին դէմ է։ Եւ հաւատարիմ մնալով այդ սկզբունքներին՝ խնդրեցինք, յորդորեցինք պարոն Հարթենեանին, որ հրաժարուի մանտաթից»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment