Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Եւ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Եւ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւններու Հանդիպում

by MassisPost

Յունուար 24-ին,   Երեւանի մէջ կայացած է ՍԴՀԿ վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած՝ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան Վերահսկող Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում։

ՍԴՀԿ-ի կողմէ ժողովին մասնակցած են Ռ. Կարապետեան (ատենադպիր), Դ. Մարտիրոսեան (քաղաքական դիւանի ղեկավար), Ռ. Սերոբեան (կազմակերպչական պատասխանատու), Ռ. Ստեփանեան (Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական պատասխանատու)։  ՔՊԿ-ի կոմէ ներկայ եղած են՝ Ա․ Փամբուխչեան(ԱԺ պատգամաւոր, վարչութեան անդամ), Ռ. Պետրոսեան (Կոտայքի մարզպետ, վարչութեան անդամ), Ս. Ղազարեան (ԱԺ պատգամաւոր, ՔՊ վերահսկիչ խմբի անդամ)։

sdhp-kaghaka-baymanakir-2

Մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ  քննարկուած են հետեւեալ հիմնական հարցերը.

-Արցախի հիմնախնդիրը
-Քաղաքական դաշտի վրայ գաղափարական ընդդիմութեան բացակայութիւնը եւ անոր վտանգները
-Հայոց պատմութեան անցեալի եւ ներկայի վերաարժեւորման խնդիրը եւ անոնց արտացոլումը դասագրքերու մէջ
-Զինուած Ուժերու արդիականացման  եւ սոցիալական խնդիրները
-Հայաստան-սփիււռք յարաբերութիւնները եւ մէկ տասնեակէ աւելի այլ հարցեր։

Կողմերը եկած են  փոխըմբռնման շարք մը պետական ազգանպաստ հարցերու շուրջ։

ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներուն առաջարկուած է առաւել յաճախ մասնակցութիւն ունենալ իշխանութեան կողմէ կազմակերպուող քննարկումներուն եւ ծրագրային նախագիծերուն։

ՍԴՀԿ վարչութեան ներկայացուցիչները դրական գնահատած են հանդիպման ընթացքը եւ արդիւնքը։

ՍԴՀԿ-ն կը յայտնէ,  որ ակտիւօրէն պիտի  շարունակ հետեւիլ իշխանութեան գործունէութեան, պարբերաբար հանդէս գալով գնահատականներով, առաջարկութիւններով եւ առարկութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment