Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Հանրաքուէի Կրնայ Դրուիլ Այս Տարեվերջին. Նախարար Բադասեան

Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Հանրաքուէի Կրնայ Դրուիլ Այս Տարեվերջին. Նախարար Բադասեան

by MassisPost

Յունուար 21-ին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան խորհրդարանէն ներս լրագրողներուն յայտնեց, որ Կառավարութիւնը մտադիր է սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը պատրաստել եւ հանրաքուէի դնել այս տարեվերջին: Նախարարը աւելցուց որ, այս փոփոխութիւնները չեն նախատեսեր կիսանախագահական համակարգին վերադառնալու առաջարկ: Կառավարութիւնը կը կարծէ, որ այնպիսի փոփոխութիւններ նախաձեռնուած են, որոնք անպայման կ՛ենթադրեն հանրաքուէի կատարում:

Փոփոխութիւններու շրջածիրէն ներս նաեւ Սահմանադրական Դատարանին ու ընդհանուր դատական համակարգին անդրադարձ պիտի կատարուի: Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը նախատեսեն լուծել Սահմանադրական Դատարանի ճգնաժամը, նախարարը պատասխանած է, որ հարցին պիտի անդրադառնան ընդհանուր դատական համակարգի ծիրէն ներս:

«Թէ ոնց կ՛անդրադառնանք, ես հիմա ճիշդ չեմ գտնում ասել, դեռ յանձնաժողովը չձեւաւորուած իմ տեսլականը կիսել»,- ըսած է ան: Ան նշած է, որ ընդհանրապէս դատական համակարգի նկատմամբ պէտք է վստահութիւնը բարձրանայ՝ սահմանելով մոտել, թէ ինչ մոտելի Սահմանադրական ու Վճռաբեկ դատարան կը պատկերացնենք, եւ ինչպէս պէտք է բարեփոխումը ըլլայ հիմնովին:

Անդրադառնալով հարցին, թէ սուփըրվարչապետական համակարգէն ձերբազատուելու խնդիր պիտի դրուի, ան պատասխանած է. «Կը նայենք, թէ ինչ է նշանակում սուփըրվարչապետական համակարգ: Տարբեր քաղաքական գործիչներ սուփըրվարչապետութեան հետ կապուած տարբեր կարիքներ են արտայայտել: Յանձնաժողովի մասնագիտական կարծիքը մենք կը լսենք եւ կը կիսուենք այդ կարծիքով»,- ըսած է ան:

Բադասեանը նաեւ նշած է, որ փոփոխութիւններով կիսանախագահական համակարգին անդրադարձ չկայ: «Ես չեմ կարող ընդհանրապէս բացառել, բայց մենք դատաիրաւական ռազմավարութեամբ նաեւ ականջալուր լինելով հասարակութեանը, մենք ընտրել ենք այն հարցերը, որոնց կ՛անդրադառնանք: Հիմա եթէ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան կողմից կը լինի առաջարկ, մենք պատրաստ ենք քննարկել: Բայց ես փորձում եմ հիմա իմ կարծիքով կամ ընդհանուր կառավարութեան մօտեցումներով առաջնորդուել: Իսկ մօտեցումները ամրագրուած են դատաիրաւական ռազմավարութեան մէջ: Հենց յանձնաժողովով կ՛որոշենք քաղաքական ուժերի հետ խորհրդակցութիւնների արդիւնքում նման քննարկում ունենալ, անպայման հասարակութեանը տեղեակ կը պահենք»,- ըսած է նախարար Բադասեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment