Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան. Կուտոյեանի Մահուան Դէպքը Հարիւր Տոկոսով Պէտք է Բացայայտուի

Նիկոլ Փաշինեան. Կուտոյեանի Մահուան Դէպքը Հարիւր Տոկոսով Պէտք է Բացայայտուի

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ԱԺ-Կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժաանակ անդրադարձած է ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան վերաբերեալ հարցին:

«Շատ ցաւալի դէպք է, եւ եթէ չեմ սխալւում, Քննչական կոմիտէում քրէական գործ է  յարուցուած՝ ինքնասպանութեան հասցնելու յօդուածով: Սա նշանակում է, որ հիմնական վարկածը, որն այսօր քննւում է, ինքնասպանութեան հասցնելն է: Եւ ես կարծում եմ, որ դէպքի հանգամանքներն ամբողջութեամբ պարզելու գործում պէտք է ամենաշատը շահագրգիռ լինեն պարոն Կուտոյեանի ընտանիքի անդամները: Եւ ես կարծում եմ, որ նրանք պէտք է լիարժէք համագործակցեն նախաքննութեան մարմնի հետ, որպէսզի ճշմարտութիւնն ամբողջութեամբ ու հարիւր տոկոսով բացայայտուի: Ես էլի ասել եմ ու ասում եմ, որ երաշխաւորում եմ, որ կառավարութիւնն իր բոլոր հնարաւոր լծակներից կ’օգտուի, որպէսզի այս գործը, ինչպէս նաեւ մնացած բոլոր գործերը մինչեւ ամենավերջին մանրամասնը բացայայտուեն»,- ըսած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է իր հասցէին հնչած մեղադրանքներուն, ըսած է, որ նախորդ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ այսպիսի աղմուկ բարձրացուցած են, թէ կառավարութիւնը պատշաճ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած Կէորկի Կուտոյեանի մահուան կապակցութեամբ: Ան նշած է, որ վարչապետին ենթակայ ԱԱԾ պատուոյ պահակախումբն իր ներկայութեամբ պատուած է Կէորկի Կուտոյեանի հոգեհանգիստը, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: ԱԱԾ ամբողջ ղեկավար կազմը մասնակցած է հոգեհանգիստի ու յուղարկաւորութեան արարողութեան: Մասնակցած է Անվտանգութեան խորհուրդի  քարտուղարը՝ որպէս դարձեալ վարչապետի ու կառավարութեան ներկայացուցիչ: Ես լրատուամիջոցի հարցին ի պատասխան ցաւակցութիւն յայտնած եմ Կուտոյեանի սգակիր ընտանիքին:

«Իսկ ուրիշ ի՞նչ պէտք է անէր կառավարութիւնը: Իսկ ինչո՞ւ այդ նոյն մարդիկ նոյն հարցը չէին բարձրացնում, երբ Հայկ Յարութիւնեանի հետ կապուած դէպք էր տեղի ունեցել: Այսինքն՝ նրանք վերաբերմունքի տարբերութիւն ունե՞ն: Մեզ համար նախկին պաշտօնեաներ են եղել, ընդ որում, այդ պաշտօնեաները պաշտօնավարել են առնուազն վիճայարոյց շրջաններում, եւ մենք պատշաճ, կարծում եմ՝ ինչ որ պէտք է արուէր, արուել է: Եւ անիմաստ եմ համարում նոյնիսկ այդ քննարկումները»,- աւելցուցած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment