Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սարգսեանն Իսրայէլի Մէջ կը Մասնակցի Հոլոքոսթի Յիշատակին Նուիրուած Համաժողովին

Նախագահ Սարգսեանն Իսրայէլի Մէջ կը Մասնակցի Հոլոքոսթի Յիշատակին Նուիրուած Համաժողովին

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Իսրայէլի նախագահ Ռիւվէն Ռիւլինի հրաւէրով  մեկնած է Իսրայէլ՝ մասնակցելու Հոլոքոսթի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին, այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն:

«Յիշելով Հոլոքոսթը, պայքարելով ընդդէմ հակասեմիթիզմի» խորագրով համաժողովը կայացած է Եատ Վաշեմի մէջ՝ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին մէջ՝ նշանաւորելով Աուշվից-Պիրքենաուի ազատագրման 75-ամեակը եւ հաստատելով այն ուղերձը, որ հակասեմիթիզմը պէտք չէ տեղ ունենայ ներկայ աշխարհին մէջ։

Եատ Վաշեմի մէջ՝ Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած միջազգային կեդրոնին մէջ հաւաքուած էին աշխարհի աւելի քան 40 պետութիւններու ղեկավարներ, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆինլանտայի, Փորթուկալի, Շուէտի, Հունգարիոյ, Սլովաքիայի, Իսլանդայի նախագահները, այլ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Երուսաղէմի մէջ Հայաստանի նախագահը երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ համաժողովի մասնակից քանի մը երկիրներու ղեկավարներու հետ։ Նախագահ Սարգսեանը պիտի հանդիպի նաեւ Իսրայէլի նախագահ Ռիւվէն Ռիւլինի, Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշտեյնի, այլ պաշտօնեաներու հետ, պիտի այցելէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան, նաեւ Իսրայէլի գիտակրթական հաստատութիւններ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment