Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցած Է Տաւոսի Համաշխարհային Համաժողովի Բացման

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցած Է Տաւոսի Համաշխարհային Համաժողովի Բացման

by MassisPost

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքի մէջ մասնակցած է «Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրը կրող  Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման։

Գործունէութեան 50 տարիներու ընթացքին Տաւոսի ամէնամեայ հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամենաազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններ, կառավարութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ եւ հեղինակաւոր փորձագէտներ՝ քննարկելու համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ արդիւնաբերական օրակարգերը, լուծումներ առաջարկելու առկայ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու վերաբերեալ: Համաժողովին այս տարի կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկրներէ ժամանած շուրջ 700 բանախօսներ եւ աւելի քան 3000 մասնակիցներ:

Հայաստանի նախագահը ներկայ գտնուած է նաեւ Տաւոսի համաժողովի ծիրէն ներս իրականացուող 26-րդ ամէնամեայ Crystal Award մրցանակաբաշխութեան:

Այս տարի ֆորումը յաղթողներ ճանչցած է արուեստագէտներ Թիսթըր Կեյթսը, Լինեթ Ուոլուորթը, պարուսոյց Ճին Շինը եւ դերասանուհի Տիփիքա Պատուքոնէն՝ հասարակութեան կայունութեան ապահովման, ներառականութեան, հոգեկան առողջութեան վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացման գործին մէջ ունեցած բացառիկ ներդրման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment