Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութեան Վարկանիշ. Հայաստանը Նկատելի Առաջընթաց Ունի

Ժողովրդավարութեան Վարկանիշ. Հայաստանը Նկատելի Առաջընթաց Ունի

by MassisPost

Economy Intelligence Unit-ը հրապարակած է Ժողովրդավարութեան համաթիւը, որ կը գնահատէ աշխարհի մէջ երկիրներու ժողովրդավարութեան մակարդակը:

Համաթիւը կազմելու ժամանակ նկատի կ’առնուին շարք մը ցուցանիշներ՝ ընտրութիւններ եւ բազմապաշտութիւն, իշխանութիւններու գործունէութիւն, քաղաքական մշակոյթ, քաղաքացիական ազատութիւններ, բնակչութեան ազդեցութիւն քաղաքականութեան վրայ:

Երկիրները կը բաժնուին 4 խումբի՝ լիարժէք ժողովրդավարութիւն, թերի ժողովրդավարութիւն,   եւ  մենատիրական ռեժիմ: Հայաստանը ցանկին մէջ 86-րդն է եւ ներառուած է խառն ռեժիմով երկիրներու շարքին: Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստանը 89-րդն է, Ատրպէյճանը՝ 146-րդը: Հայաստանը 2018 թուականի վարկանշային զեկոյցին մէջ 103-րդն էր, 2017 թուականին՝ 111-րդը, 2016 թուականին՝ 120-րդը: Հայաստանը ամենաբարձր միաւոր ստացած է ընտրութիւններու եւ բազմապաշտութեան ցուցանիշով, ամենացածը՝ քաղաքական մշակոյթի: Հայաստանը կը ներկայացուի նկատելի առաջընթաց արձանագրած երկիրներու շարքին: Կը նշուի, որ խառն ռեժիմով երկու երկիրներ՝ Հայաստանն ու Ուքրանիան, առարկայական քայլեր առած են ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ: Երկու երկիրներուն մէջ կայացած ընտրութիւնները գնահատուած են ազատ եւ արդար:

Ժողովրդավարութեան վարկանշային զեկոյցը կը հրապարակուի 2006 թուականէն եւ ժողովրդավարութեան ցուցանիշով այս տարի Հայաստանն առաջին անգամ առաջ անցած է Վրաստանէն:

Ամենաժողովրդավարական երկիրներն են Նորվեկիան, Իսլանտան, Շուէտը, Նոր Զելանտան, Ֆինլանտան: Հակառակ բեւեռի վրայ են Չատը, Սուրիան, Կեդրոնական ափրիկեան Հանրապետութիւնը, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը եւ Հիւսիսային Քորէան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment