Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բացակայութիւնը Մարտահրաւէր է ՀՀ-ի Համար. ԱԳ Նախարար

Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բացակայութիւնը Մարտահրաւէր է ՀՀ-ի Համար. ԱԳ Նախարար

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը կը կարծէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այսօր լայն իմաստով մարտահրաւէր է Հայաստանի համար: Այս մասին Մնացականեանն ըսած է Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին՝ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Տարօն Սիմոնեանի դիտարկման, թէ միջազգային իրաւունքը կը պարտաւորեցնէ, որ Թուրքիան չխոչընդոտէ Հայաստանի մուտքը դէպի ծով:

«Սա չափազանց սուր հարց է մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում: ՄԱԿ-ի շրջանակներում գոյութիւն ունի յատուկ խումբ դէպի ծով ելք չունեցող երկրների, եւ մենք այդ շրջանակներում եւս աշխատում ենք:  Ձեր բարձրացրած հարցը վերաբերում է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններին, եւ այդ յարաբերութիւնների բացակայութիւնն այսօր աւելի լայն իմաստով մարտահրաւէր է Հայաստանի համար, Հայաստանի անվտանգութեան համար: Մենք այս հարցը դիտարկում ենք, որպէս ազգային անվտանգութեան ամենասուր մարտահրաւէրներից մէկը: Մեզ անհրաժեշտ է աւելի մանրամասն հաշուարկ, թէ ինչպէս ենք մենք այս գործընթացը շարունակում իրաւական դաշտում»,- ըսած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment