Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցին Նուիրուած Միջոցառում

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 13-րդ Տարելիցին Նուիրուած Միջոցառում

by MassisPost

«Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագրատան շէնքի դիմաց կրկին մարդաշատ էր: 13 տարի առաջ թուրք ազգայնականի կրակոցներէն այստեղ սպանուեցաւ պոլսահայ նշանաւոր մտաւորական, «Ակօսի» հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքը:

Սարսափելի սպանութենէն տարիներ անց Տինքի ընտանիքն ու մտերիմները դեռ կը պայքարին արդարութեան համար: Այս տարի անոնք համախմբուած էին «Ամչնալու համար ուշ չէ» կարգախօսի ներքոյ: Թրքական ոստիկանութիւնը լայնածաւալ միջոցառումներ ձեռնարկած էր՝ ապահովելու համար հաւաքի անվտանգութիւնը, փակուած էին խմբագրութիւն տանող ճանապարհները, յարակից մեթրոյի կանգառը: Այս տարի «Ակօսի» խմբագրութեան պատշգամբէն Տինքին նուիրուած խօսքով հանդէս եկաւ իրաւապաշտպան Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճըն:

dink-memorial-2

Ան նշեց, որ 13 տարի անց կրկին այստեղ են եւ պիտի չհրաժարին իրենց պայքարէն: Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը նոյնպէս վստահ է՝ օր մը անպայման արդարութիւն պիտի հաստատուի. – «13 տարի եղաւ, Հրանդին այստեղ կորսնցուցինք, եւ 13 տարի շարունակ արդարութեան համար կը պայքարինք, բայց դժբախտաբար դեռ արդարութիւն չունինք եւ կ’ամչնանք Հրանդ Տինքէն: Բայց վստահ եմ, որ օր մը արդարութիւնը պիտի հաստատուի, եւ Հրանդի սիրտը պիտի թեթեւցնենք, ընտանիքի սիրտն ալ պիտի թեթեւցնենք, եւ ատոր համար պայքարը պիտի շարունակուի»:

Այս տարի եւս բազմաթիւ մարդիկ աշխարհի տարբեր անկիւններէն Պոլսոյ մէջ կը մասնակցէին Տինքի ոգեկոչման արարողութեան: Արեւ Պապահանը, որ ուսանողական տարիներուն թղթակցած է «Ակօսին» եւ անձամբ ճանչցած է թերթի խմբագրապետը, յուզմունքով կը յիշէ Հրանդ աղբարիկը. – «Յուզիչ է սա, երանի թէ չսպանուէր, ան մեզի համար մարդոց միաւորելու պատճառ դարձաւ: Այդ պատճառով Հրանդ Տինքն իսկապէս թէ արդարութեան, թէ հաշտութեան խորհրդանիշ եղած է 2 երկրի համար ալ: Ես «Ակօսին» կ’աշխատակցէի համալսարան ուսանած օրերուս, շաբաթը 1 օր կը գրէի, Հրանդ աղբարիկն ինծը կ’ըսէր՝ ասոնք չտպենք, որ պետական համալսարանէն երբ կարդան, գլուխս փորձանք չգայ եւ աւարտելու ժամանակ խնդիր չունենամ: Իսկապէս աղբարիկի (եղբօր) նման էր»:

Տինքի յիշատակին նուիրուած միջոցառումներ տեղի ունեցած են նաեւ Իզմիրի, Անգարայի, Պոտրումի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Աւստրալիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ: 13 տարի է՝ Հրանդ Տինքի յիշատակի միջոցառման կարգախօսը անփոփոխ է՝ «Հրանդի համար, արդարութեան համար»:

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական՝103-րդ դատական նիստը պիտի կայանայ Փետրուար 18-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment