Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազ. Բաւականաչափ Տուեալներ Կան Կէորկի Կուտոյեանի Ինքնասպանութեան Մասին Վկայող

Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազ. Բաւականաչափ Տուեալներ Կան Կէորկի Կուտոյեանի Ինքնասպանութեան Մասին Վկայող

by MassisPost

Տեղի ունեցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն, 38-ամեայ Կէորկի Կուտոյեանի յուղարկաւորութիւնը: Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու անոր խմբակիցները:

Սերժ Սարգսեանը լրագրողներու հարցերը թողած է անպատասխան:

Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները պարզելու համար Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է ինքնասպանութեան հասցնելու յօդուածով: Քննչական կոմիտէի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեանն «Ազատութեան» փոխանցած է, որ գործով կասկածեալներ չկան:

Կիրակի օր ԱԱԾ նախկին տնօրէնի հոգեհանգիստի արարողութեան մասնակցող Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած էր՝ լայնածաւալ քննութիւն կ’ընթանայ։

«Ձեռք են բերուել բաւականաչափ տուեալներ ինքնասպանութեան մասին վկայող։ Բայց ամբողջ ուղղութեամբ, բոլոր ուղղութիւններով, բոլոր վարկածներով պատշաճ քննութիւնը կ’իրականացուի։ Քննութեան ընթացքում որոշակի էական հանգամանքներ ձեռք բերուելու, առաւել եւս՝ քննութեան արդիւնքների մասին, մենք բոլորս, անձամբ ես ձեզ հետ խօսելու առիթ կ’ունենամ», – նշած էր Դաւթեանը։

2018-ին, երբ Կեորկի Կուտոյեանն էր ԱԱԾ տնօրէնը, ըստ գործող իշխանութեան, ԱԱԾ-էն կարեւոր փաստաթուղթեր ոչնչացուած են, որոնց մեծ մասը կ’առնչուին Մարտ 1-ի գործին: Գալուստ Սահակեանը այս թեմայի վերաբերեալ ըսած է. – «Ես էլ եմ լսել, բայց հետամուտ չեմ եղել»։

Ըստ Քննչական կոմիտէի ձեռք բերած տուեալներու, Կուտոյեանը արտերկիր էր եւ Հայաստան վերադարձած էր Դեկտեմբեր 9-ին: Գալուստ Սահակեանն ըսած է՝ դուրսը կ’ուսանէր, տօներուն ալ վերադարձած էր տուն:

Նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչը նաեւ քննադատած է իրաւապահ մարմինները՝ ըստ էութեան կասկածներ յայտնելով այս գործով առարկայական քննութեան վրայ. – «Իրաւապահպան մարմինները այսօր Հայաստանում համարեայ թէ չեն աշխատում»։

Կեորկի Կուտոյեանը չի անցնում ո՛չ Քննչական կոմիտէի, ո՛չ Յատուկ քննչական ծառայութեան, ո՛չ էլ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վարոյթներում քննուող քրէական գործերով:

38-ամեայ Կէորկի Կուտոյեանը երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խմբակիցն էր: 2011 թուականին նախագահ Սերժ Սարգսեանի օգնականն էր: Նախագահի 2016 թուականի հրամանագրով Փետրուար 12-ին նշանակուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար՝ փոխարինելով Գորիկ Յակոբեանին, եւ այդ պաշտօնէն ազատուած էր 2018 թուականին՝ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած յեղափոխութենէն ետք: Մինչեւ ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնին նշանակուիլը, Կուտոյեանը կը զբաղցնէր Գլխաւոր դատախազի տեղակալի պաշտօնը:

Ըստ Քննչական կոմիտէի, Կուտոյեանը ՀՀ վերադառնալէն ետք, ժամանակաւորապէս բնակած է հայրական տունը, սակայն ժամանակ առ ժամանակ այցելած է Պարոյր Սեւակի փողոցին վրայ գտնուող իրեն պատկանող բնակարան: 2019 թուականի Դեկտեմբերի վերջերը Կուտոյեանը առանձին այցելած է այդ բնակարան, ուր, ոգելից խմիչք օգտագործելէ ետք, օրինական կարգով իրեն պատկանող Glock 34 տեսակի ատրճանակէն 35 անկանոն կրակոց արձակած է հիւրասենեակի եւ խոհանոցի բաժանարար պատին: Յետագային, Կուտոյեանի խնդրանքով, վերջինիս կինը կրակուած պարկուճները եւ յայտնաբերուած գնդակները հաւաքած եւ դրած է հիւրասենեակի՝ բազմոցի դիմաց գտնուող սեղանին:

Ըստ իրաւապահներու, Կուտոյեանը 2020-ի Յունուար 16-ին՝ ժամը 15:20-ի սահմաններուն, հայրական տան մօտակայքէն՝ Երեւան քաղաքի Արշակունեաց պողոտայէն վարձակալած թաքսիով ուղեւորուած է Պարոյր Սեւակի իրեն պատկանող բնակարան՝ նախապէս ընտանիքի անդամներուն տեղեկացնելով յիշեալ բնակարանին մէջ երկու-երեք օր հանգստանալու իր մտադրութեան մասին: Յունուար 17-ին Կուտոյեանի հարազատները չկարենալով հեռախօսակապ հաստատել վերջինիս հետ՝ գացած են նշուած բնակարան, ուր Կուտոյեանի կինը հիւրասենյակին մէջ՝ բազմոցին վրայ, յայտնաբերած է անոր դին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment