Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նայիրի Յունանեանը Նամակ Գրած Է Նիկոլ Փաշինեանին

Նայիրի Յունանեանը Նամակ Գրած Է Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

«Հոկտեմբեր 27»-ի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Նայիրի Յունանեանը նամակ գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն հաստատած են, որ նամակը ուղարկուած է Կառավարութիւն։

Միաժամանակ, նամակի բովանդակութեան եւ Կառավարութենէն ներս այն ստանալու ժամկէտներու վերաբերեալ պաշտօնական աղբիւրը տեղեկութիւն չէ յայտնած։

1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին ահաբեկչական յարձակում տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի վրայ, երբ հերթական նիստին Կառավարութիւնը կը պատասխանէր պատգամաւորներու հարցերուն: Սպանուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը:

Երեք տարի տեւած դատավարութենէն ետք Նայիրի Յունանեանը եւ անոր յանցախումբի 5 անդամներ դատապարտուեցան ցմահ, մէկը՝ 14 տարուան ազատազրկման:

Անցած տարուան վերջը Դատախազութիւնը բաւարարեց Եուրի Բախշեանի այրիի՝ Անահիտ Բախշեանի փաստաբաններու բողոքը «Հոկտեմբեր 27»-ի գործէն անջատուած եւ կարճուած մասով նոր քննութիւն սկսելու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment