«Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղած է բարեփոխումներու յաւակնոտ ծրագրի իրագործման` այդ շարքին քորուփցիայի դէմ պայքարի, տնտեսական եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ», – աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու կացութեան նուիրուած ամէնամեայ զեկոյցին մէջ նշած են արեւմտեան ամենահեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկու` Human Rights Watch-ի ներկայացուցիչները:
Զեկոյցի հեղինակները անգամ մը եւս ընդգծած են, որ 2018-ի Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները, ըստ միջազգային դիտորդներու գնահատականի, համապատասխանած են միջազգային չափանիշներուն եւ անցած են իրապէս մրցակցային մթնոլորտի մէջ:
Ատոր հետ մէկտեղ, Human Rights Watch-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ասպարէզին մէջ խնդիրներ եւ թերութիւններ Հայաստանի մէջ դեռ առկայ են: Խօսքը մասնաւորաբար նախորդ վարչակազմի օրօք կատարուած բռնութեան եւ իրաւապահներու կողմէ ուժի անհամաչափ կիրառման դէպքերու քննութեան «սահմանափակ բնոյթի մասին է»:
Մասնաւորապէս, անդրադառնալով բողոքի ցոյցերու ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ ուժ կիրառելու հարցերուն` կազմակերպութիւնը արձանագրած է․
«Իշխանութիւնները վերսկսան 2008-ին ցուցարարներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ տեղի ունեցած մահաբեր բախումներու հետաքննութիւնը, եւ 2019-ի Յունիսին մեղադրանք առաջադրեցին բարձրաստիճան պաշտօնեային` ցոյցը ցրելու ժամանակ ցուցարարի սպանութեան համար: Այնուամենայնիւ, 2016 եւ 2015 թուականներուն խաղաղ ցուցարարներու եւ լրագրողներու նկատմամբ ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրառման երկու դէպքի քննութիւնը կը մնայ կասեցուած»,- գրուած է զեկոյցին մէջ:
Human rights watch անդրադարձած է նաեւ իրաւապահ ուժերու եւ ցուցարարներու միջեւ 2019 -ին տեղի ունեցած միջադէպերուն, որոնք կապուած են Ամուլսարի ոսկիի հանքի շինարարութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերուն հետ:
«Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շինարարութիւնը վերսկսելու դէմ կազմակերպուած բնապահպանական բողոքի ցոյցերը վերածուեցան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու, երբ անվտանգութեան աշխատակիցները արգիլեցին ցուցարարներուն հաւաք ունենալ խորհրդարանին մօտ գտնուող հասարակական այգիին մէջ: Ոստիկանութիւնը կարճ ժամանակով ձերբակալեց վեց ցուցարարներ` ոստիկաններու պահանջքին չենթարկուելու համար: Նոյն հարցին շուրջ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Ջերմուկի մօտ, ուր տեղի բնակիչները եւ բնապահպանական աքթիւիստները փակած էին հանքավայր տանող ճանապարհները` ընդդիմանալով անոր կառուցման բնապահպանական եւ տնտեսական նկատառումներով»,:
Զեկոյցին մէջ բաւական ծաւալուն անդրադարձ կայ նաեւ ընտանեկան բռնութեան դէպքերուն եւ իրաւապահ համակարգի այս ոլորտին մէջ գործունէութեան:
Human Rights Watch-ը չէ շրջանցած նաեւ սեռական փոքրամասնութիւններու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանող աքթիւիսթներու դէմ բռնութիւններու դէպքերը:
«2019-ի Յունուարէն Օգոստոսն ինկած ժամանակահատուածին Pink Armenia կազմակերպութիւնը եւ LGBT համայնքի շահերը պաշտպանող միւս կառոյցները Հայաստանի մէջ սեռական կողմնորոշմամբ պայմանաւորուած 17 ֆիզիքական յարձակման դէպք արձանագրած են», – նշած են զեկոյցի հեղինակները:
Human Rights Watch-ը անդրադարձած է նաեւ Իսթանպուլեան համաձայնագրի շուրջ Հայաստանի մէջ ծաւալած բանավէճին` արձանագրելով, որ այդ ընթացքին յաճախակի էր ատելութեան խօսքի կիրառումը: Ատոր զուգահեռ, իրաւապաշտպանները հարկ կը համարեն յատուկ ընդգծել` «Իսթանպուլեան համաձայնագրի վաւերացումը չի հակասեր երկրի Սահմանադրութեան»: