Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Քննչական Կոմիտէի Մօտ Պատասխանած Է Գաղտնալսման Գործով Քննիչի Հարցերուն

Փաշինեանը Քննչական Կոմիտէի Մօտ Պատասխանած Է Գաղտնալսման Գործով Քննիչի Հարցերուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացած է Քննչական կոմիտէ եւ մօտ 2,5 ժամ պատասխանած քննիչի հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին 2018 թուականի Սեպտեմբերին ու Դեկտեմբերին համացանցի մէջ տարածուած վարչապետ Փաշինեանի եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի, ինչպէս նաեւ ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանի եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Վանեցեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսային խօսակցութիւններու գաղտնալսման փաստով յարուցուած երկու քրէական գործերուն։

Հարցաքննութեան մասին ֆեյսպուքեան գրառմամբ անձամբ տեղեկացուցած էր կառավարութեան ղեկավարը՝ տեղադրելով քննիչի աշխատասենեակին մէջ առնուած ինքնիկը (սելֆին)։

«Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ՝ երկրի գործող ղեկավարը Քննչական կոմիտէի հրաւէրով ներկայացել է եւ քննիչի աշխատասենեակում պատասխանում է նրա հարցերին»,- գրած է Փաշինեանը՝ կատակելով. «Քաղաքական հետապնդման տարրերը ակնյայտ են»։

Հարցաքննութենէն ետք Փաշինեանը չէ պատասխանած լրագրողներու հարցերուն։

Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ մէկ գործով Նիկոլ Փաշինեանը կ’անցնի որպէս վկայ, միւսով՝ որպէս տուժող։

«Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթում քննւում է 2018 թուականի Սեպտեմբերի 11-ին եւ Դեկտեմբերի 5-ին համացանցում տարածուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի, ինչպէս նաեւ ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանի եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսային խօսակցութիւնների գաղտնալսելու ձայնագրառումներում յիշատակուած պաշտօնատար անձանց կողմից իրենց պաշտօնէական լիազօրութիւններն առերեւոյթ չարաշահելու՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 309-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործը, որի շրջանակներում քննութեան առարկայ է հանդիսանում նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Եուրի Խաչատուրովի կալանաւորման միջնորդութիւնները քննած դատաւորների նկատմամբ արդարադատութիւն իրականացնելիս միջամտելու հանգամանքը։ Նշուած քրէական գործով որպէս վկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացել է Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան գլխաւոր վարչութիւն եւ հարցաքննուել՝ դատարանների վրայ հնարաւոր միջամտութիւնների հանգամանքները պարզելու շուրջ», – ըսած է Յարութիւնեանը:

Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակը նշած է. «ՅԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթում է քննւում նաեւ ԱԱԾ նախկին տնօրէնի եւ ՅՔԾ պետի հեռախօսային խօսակցութիւնները ապօրինի գաղտնալսելու եւ համացանցով տարածելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործը, որի շրջանակներում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցաքննուել է որպէս տուժող՝ ապօրինի գաղտնալսում եւ ձայնագրառումն իրականացնելու ու տեսանիւթը համացանցում տարածելու արդիւնքում իր իրաւունքների եւ օրինական շահերի խախտման եւ գործի համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող մի շարք այլ հանգամանքների շուրջ»։

«Ազատութեան» հարցին՝ երկրորդ քրէական գործով ոեւէ մէկուն արդէն մեղադրանք ներկայացուա՞ծ է, Յարութիւնեանը պատասխանած է. «Նշեմ, որ երկու քրէական գործերի շրջանակներում էլ մեղադրեալի կամ կասկածեալի դատավարական կարգավիճակ ունեցող անձ չկայ»։

Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս նոյն քրէական գործերու  շրջածիրէն ներս հարցաքննուած են նաեւ ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանը եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment