Թուրքիոյ հաւաքականի եւ Կալաթասարայի հանրայայտ յարձակող Հաքան Շուքիւրը ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Uber թաքսիի վարորդ կ’աշխատի: Նախկին ֆութպոլիստը կը պնդէ, որ 2013 թուականին Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութենէն դուրս գալէ ետք երկրի ղեկավար Էրտողանն իրեն թշնամի հռչակած է ու խլած ամէն ինչ: Այս մասին կը յայտնէ goal.com-ը՝ յղում ընելով Welt am Sontag-ին՝ տուած հարցազրոյցին:
Շուքիւրը Թուրքիոյ հաւաքականի կազմին մէջ խփած է 51 կոլ, իսկ ակումբային ասպարէզին ընթացքին՝ եւս 250-ը:
Շուքիւրը պատմած է, որ քարեր կը նետէին իր կնոջ խանութին վրայ, կը ճնշեն երեխաներուն, կը սպառնան զինք: Կուսակցութիւնը լքելէն ետք ձերբակալած են հօրը, իսկ ունեցուածքը բռնագրաւած են:
«Այլեւս ոչինչ ունեմ: Էրտողանն ամէն ինչ վերցուց ինծմէ: Իմ ազատութեան, արտայայտման, աշխատելու իրաւունքը», – ըսած է ան:
Շուքիւրը պատմած է, որ իր հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող մարդիկ եւս խնդիրներու կը բախուին: Օրինակ, իր հետ սելֆի ըրած թուրք ուսանողը դատապարտուած է 14 ամսուան ազատազրկման:
«Էրտողանի քաղաքականութիւնը վատ ժամանակներ բերաւ, եւ երկիրը գնաց լրիւ այլ ուղղութեամբ՝ Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպայի փոխարէն», – նշած է նախկին ֆութպոլիստը: