Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Մօտ Խորհրդակցութեան Քննարկուած Են Զարգացումները Տարածաշրջանին Մէջ

Վարչապետի Մօտ Խորհրդակցութեան Քննարկուած Են Զարգացումները Տարածաշրջանին Մէջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ խորհրդակցութիւն կայացած է տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումներու առնչութեամբ։

«Քիչ առաջ աւարտուեց ինձ մօտ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը, որտեղ քննարկեցինք տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումները եւ դեռեւս ուրբաթ օրը այդ կապակցութեամբ իմ տուած յանձնարարականների կատարման ընթացքը», – Ֆէյսպուքի էջին գրած է Հայաստանի ղեկավարը։

«Իրավիճակի զարգացումը տարածաշրջանում անհանգստացնող է: Մեր դիրքորոշումը մնում է նոյնը. Հայաստանը չի ներքաշուի հակաիրանական գործողութիւնների մէջ, Հայաստանը չի ներքաշուի հակաամերիկեան գործողութիւնների մէջ եւ մեր յոյսն ու կոչն է մեզ համար բարեկամական Իրանին ու ԱՄՆ-ին՝ անյապաղ ձեռնարկել բանակցութիւններ՝ իրավիճակի յետագայ վատթարացում թոյլ չտալու համար», – շեշտած է Փաշինեանը։

Այս գիշեր Իրանը հրթիռակոծած է Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայման վայրերը, այդ շարքին՝ Այն Ասատի եւ Էրպիլի ռազմակայանները։ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու փաղանգը յայտարարած է, որ հրթիռային հարուածները պատասխանն են Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի սպանութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment