Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 2019-Ի Ընթացքին $71 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 2019-Ի Ընթացքին $71 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

2019-ի չորրորդ եռամսեակի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $6.4 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $5.9 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է AmeriCares կազմակերպութենէն ($4 միլիոն), Direct Relief կազմակերպութենէն ($1.6 միլիոն), Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Վարչութենէն ($199,000), եւ Քանատայէն Health Partners International կազմակերպութենէն ($9,000)։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ($282,000), եւ Ակաբէ Ծրագիրը ($223,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը, բժշկական պիտոյքներն ու առողջագիտական (hygiene) իրեղէնը առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Հալէպ Հայրենակցական Բարեսիրական Կազմակերպութեան, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգործական Հիմնադրամին, Հայաստանի Ակնաբուժական Ծրագրին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Երեւան), Ժպիտների Քաղաք Բարեգործական Հիմնադրամին, Հայաստանի Օգնութեան Հիմնարկին, Մանկաբարձային, Նորածնաբանական, եւ Կնաբանական Կեդրոնին, Մեծն Ներսէս Բարեսիրական Կազմակերպութեան, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Հայաստանի Ազգային Արիւնաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

2019-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը իր պատմութեան մէջ աննախադէպ՝ $71 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյք, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $891 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,456 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment