Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Տարի Մըն Ալ Անցաւ Պատմութեան

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Տարի Մըն Ալ Անցաւ Պատմութեան

by MassisPost

Փակելով 2019 թուականը կը թեւակոխենք ոչ միայն նոր տարի մը, այլ նոր տասնամեակ, որ կու գայ նոր էջ մը բանալու մարդկութեան համար:

Իւրաքանչիւր տարուայ աւարտին պարտաւոր կ՛զգանք ակնարկ մը նետելու եւ արժեւորելու նախորդ տարին՝ իր յաջողութիւններով ու բացթողումներով, իր երջանիկ ու տխուր էջերով, իսկ նոր տարին դիմաւորելու բարի մաղթանքներով ու սպասուող բազում մարտահրաւէրներու յաղթահարման ակնկալիքներով:

Անցնող տարուայ ընթացքին Հայաստանի հանրապետութիւնը, անոր սահմաններու պաշտպանութիւնը ու քաղաքացիներու կեանքի պայմաններու բարելաւումը մնացին մեր պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Շնորհիւ տարի մը առաջ իրագործուած Յեղափոխութեան Հայ ժողովուրդը նուաճեց նոր բարձունքներ: Տարին դարձաւ տնտեսական կայուն զարգացման տարի մը: Տնտեսական յեղափոխութիւնը սկսաւ տալ իր առաջին պտուղները: Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը հասաւ 1.5 միլիոնի:

Օլիկարխիկ համակարգը, որ նախապէս իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էր երկրի բոլոր բարիքները, վերացման ճանապարհին է ու երկրի հարստութեան աւելի հաւասար բաշխումը ապահովուելու ուղղութեամբ առնուեցան գործնական քայլեր: Տնտեսական աճի շնորհիւ ապահովուած պետութեան յաւելեալ եկամուտները սկսան վերադարձուիլ ժողովուրդին, կենսաթոշակներու ու աշխատավարձերու բարձրացման ու ենթակառուցուածքներու նորոգութեան ու արդիականացման միջոցաւ:

Եղծանումի (Կորուպցիայի) ու կաշառակերութեան դէմ պայքարը շարունակուեցաւ մեծ թափով, չխնայելով նոյնիսկ իւրայինները ու նախկին համակարգի բազմաթիւ կարկառուն ներկայացուցիչներ կանգնեցան դատարաններու առջեւ:

Արտագաղթը, որ վերջին տարիներուն վերածուած էր ազգային աղէտի, սկսաւ ցոյց տալ դանդաղեցման նշաններ՝ որպէս արդիւնք ժողովուրդի մօտ ապագայի նկատմամբ տիրող լաւատեսութեան ու դրական ակնկալիքներուն:

Հայաստանի ու Արցախի սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ բանակի մարտունակութեան ամրապնդումը մնացին հայրենի իշխանութիւններու ուշադրութեան կիզակէտը: Այս ուղղութեամբ առնուած գործնական քայլերով ու նոր ու արդիական զինատեսակներու ապահովումով, փոխուեցան տարածաշրջանէն ներս խաղի կանոնները: Թշնամիի յաջորդ քայլերուն սպասողի ու պաշտպանուողի վիճակէն, Հայաստան անցաւ յարձակողականի ու սկսաւ խօսիլ խաղաղութիւն պարտադրողի դիրքերէն:

Ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ու մամուլի ազատութիւնները սկսան ծաղկիլ ու արմատներ նետել, հաւասար պայմաններ ստեղծելով տարբեր տեսակէտներու ու քաղաքական հոսանքներու առջեւ: Վերացաւ երկրէն ներս վախի մթնոլորտը ու յառաջ եկաւ բարոյահոգեբանական նոր միջավայր: Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները արձանագրելով այս բոլորը, Հայաստանը դասեցին այն հազուագիւտ երկիրներու շարքին ուր ազատութիւնները յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն:

Շնորհիւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միատեղ ջանքերուն, Ցեղասպա-նութեան ճանաչման աշխատանքները նոյն թափով շարունակուեցան: Ցեղասպանութեան փաստը հաստատող երկիրներու թիւը շարունակեց աճիլ ու տարին նշանաւորուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ ապա, Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ: Հերթը այժմ եկած է պարտադրելու Ամերիկայի նախագահին՝ հետեւելու Գոնկրէսի օրինակին ու այսուհետեւ Ապրիլ 24-ի պատգամներուն մէջ օգտագործելու Ցեղասպանութիւն բառը:

Այս դրական երեւոյթներու կողքի միջին Արեւելքի Հայութեան դիմագրուած դժուարութիւններն ու վտանգները բազմապատկուեցան: Սուրիոյ շարունակուող պատերազմը ու Հայ համայնքին կրած վնասներուն վրայ եկաւ աւելնալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային նոր իրավիճակները: Երկրէն ներս տիրող սուր տագնապը հարուածեց նաեւ մեր ժողովուրդին, որոնք իրենց այլազգի քաղաքացիներուն հետ միասին կը գտնուին մեծ դժուարութիւններու առջեւ ու շատ-շատեր դարձան կարիքաւոր:

Սփիւռքի տարածքին, յաջողութիւններու կողքին արձանագրեցինք նահանջ: Փակուեցան դպրոցներ ու ազգային հաստատութիւններ, դադրեցան լոյս տեսնել մամուլի օրկաններ: Այսուհանդերձ, կապը Հայաստանի հետ աւելի եւս ամրապնդուեցաւ, հոն տիրող յոյսն ու լաւատեսութիւնը տարածուեցաւ նաեւ արտասահմանի Հայութեան վրայ դառնալով խթան՝ կառչած մնալու մեր արմատներուն:

Միջազգային գետնի վրայ Միացեալ Նահանգները շարունակեց վարել ինքնամեկուսացումի քաղաքականութիւն մը, կորսնցնելով նախկին իր վայելած դիրքն ու հեղինակութիւնը: Թէեւ մեծ տէրութիւններու միջեւ պատերազմներու սպառնալիքներ չեղան, սակայն այդ փոխարինուեցաւ երկրագունդի վրայ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած մտահոգութիւններով: Բնական աղէտները եղան աւելի սաստիկ ու մահաբեր, դառնալով մարդկութեան սպառնացող ամենէն հրատապ ու սուր տագնապը: Այս վտանգին առաջքը առնելու համար համախմբուած` աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու շարքին բացակայեցաւ Ամերիկան, որու այսօրուայ ղեկավարութիւնը շարունակեց վարել ժխտումի քաղաքականութիւնը մը, որ սկսած էր տարի մը առաջ Փարիզի Կլիմայի Միջազգային Համաձայնութենէն դուրս գալով:

Այժմ, մարդկութիւնը կը դիմաւորէ նոր տասնամեակը, նոր յոյսերով ու ակնկալիքներով, որպէսզի աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւն, վերանան բոլոր տեսակի պատերազմներն ու ազգամիջեան բախումները, աղքատութիւնը յաղթահարուի ու իւրաքանչիւր երեխայ՝ աշխարհի որ մասին վրայ ալ գտնուի, հացի կարօտ չունենայ ու բնական աղէտները դառնան նուազ կործանարար:

Աշխարհացրիւ Հայութեան համար մեր զոյգ հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը ու ժողովուրդի բարեկեցութիւնը կը հանդիսանան ամանորի մեր մաղթանքներու շարքին գլխաւորը, որպէսզի մեր ժողովուրդի աճի, բազմանայ ու զարգանայ իր մայրենի հողին վրայ, որ է՛ ու կը մնայ մեր ազգի գոյատեւման միակ երաշխիքն ու գրաւականը:

Լաւատեսութեամբ ու հաւատքով կը դիմաւորենք նոր տասնամեակը ու կ՛ըսենք՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment