Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սասնայ Ծռեր»-ը 2020-ին Հանդէս Պիտի Գայ Իբրեւ Արմատական Ընդդիմութիւն

«Սասնայ Ծռեր»-ը 2020-ին Հանդէս Պիտի Գայ Իբրեւ Արմատական Ընդդիմութիւն

by MassisPost

«Սասնայ ծռերը» յայտարարած են՝ աւարտած է գործող իշխանութիւններուն աջակցողի իրենց դերակատարութիւնը, եւ գալիք 2020-էն հանդէս պիտի գան իբրեւ արմատական ընդդիմութիւն՝ օրակարգի վրայ ունենալով արտահերթ ընտրութիւններու անցկացումն ու իրական «սպիտակներու» բեւեռ ստեղծելու ծրագիրը։

«Ծռերու» համոզմամբ՝ գործող իշխանութիւնը չունի համակարգային փոփոխութիւններ կատարելու բաւարար կամք եւ կարողութիւն, հետեւաբար, ինչպէս նշուած է կուսակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ, ժամանակն է, որ «իրեն սպիտակ երեւակայող ներկայիս իշխանութիւնը ունենայ իրական այլընտրանք»։

Հարցին, թէ արդեօ՞ք կը կարծեն, որ ներկայիս իշխանութիւնը ոչ թէ «սպիտակներու», այլ «սեւերու» դաշտին մէջ կը գործէ, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան քարտուղարութեան ղեկավար անդամ Վարուժան Աւետիսեանն արձագանգած է, թէ արդէն իսկ գունափոխում տեղի կ’ունենայ։

«Սեւի դաշտից չէ, բայց գորշանում է ակամայ։ Կեղծ այլընտրանքով սպիտակ ուժը չի կարող սպիտակ մնալ։ Դրա համար, պէտք է լինի իրական այլընտրանք, իրական բեւեռ, իրական արժէքների վրայ իրական նպատակների համար պայքարող բեւեռ։ Եթէ մենք եւ մեր նմանները շարունակեն լինել օգնողի, այսպէս ասած, դերում, ապա, հաշուի առնելով, որ գործող իշխանութիւնը սխալ ճանապարհով է գնում եւ գնում է, կարճ ասած, դէպի կործանում, ապա մենք մեր լրացուցիչ քաշով եւ արագութեամբ նրան լրացուցիչ արագացում կը հաղորդենք եւ կ’արագացնենք կործանումը։ Դրա համար մենք պէտք է արդէն այդ կործանման արգելակի նաեւ դերում հանդէս գանք», – յայտարարած է Աւետիսեանը։

«Կեղեքիչ, կիսագաղութային համակարգը վերականգնւում է», – պնդած է «Սասնայ ծռերու» ներկայացուցիչը՝ շարունակելով. – «Արդէն պարոն վարչապետը վստահում է ԱԱԾ-ին՝ սա ահազանգի ազդանշան է»։

Հարցին, թէ ո՞ր ուժերու հետ «Սասնայ ծռերը» կը նախատեսէ իրական այլընտրանքային բեւեռ ձեւաւորել, որոնց հետ միասին նաեւ յետագային պէտք է արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն ստեղծեն, Վարուժան Աւետիսեանը պատասխանած է, թէ անուններ տալ չեն ուզեր, բայց խօսքը վերջին տարիներուն ռեժիմի դէմ պայքարած ուժերու եւ անհատներու մասին է։

Ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններուն, ապա ժամկէտ «Ծռերը» չեն ծրագրած։ «Մենք չենք ծրագրում արտահերթ ընտրութիւնները ամսով, օրով, բնականաբար դա լուրջ չէր լինի։ Մենք ծրագրում ենք ձեւաւորել այն ազգային ժողովրդավարական բեւեռը, որը <…> կը պահանջի եւ հարկ եղած դէպքում նաեւ ժողովրդի կամքի ազդեցութեամբ կը յարուցի այդպիսի որոշում», – ըսած է Աւետիսեանը։

«Սասնայ ծռերէն» Գարեգին Չուգասզեանի համոզմամբ՝ յեղափոխութենէն ետք այդպէս ալ մէկուկէս տարուան ընթացքին համակարգային փոփոխութիւններ տեղի չունեցան։ Խօսքը, ընդգծած է ան, ինչ-որ մարդոց բռնել-չբռնելու մասին չէ, այլ անցումային արդարադատութիւն կիրառելու մասին է։ Ըստ «Սասնայ ծռերուն»՝ մինչեւ օրս իշխանութիւնը չի ըսած, որ պետութիւնը զաւթուած եղած է։

Ի դէպ, «Սասնայ ծռերը» Նոր տարին պիտի դիմաւորեն ոչ թէ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, այլ «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի մօտ. այնտեղ կը պահուին  2016 թուականին ՊՊԾ գունդի գրաւման ժամանակ ոստիկաններու սպանութեան մէջ մեղադրուող Սմբատ Բարսեղեանն ու Արմէն Բիլեանը։

«Մեր շարժման ղեկավար կազմը՝ քարտուղարութեան անդամները, Ամանորը դիմաւորելու են «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի մօտ, որովհետեւ մեր ընկերները դեռ ռազմագերի եւ քաղբանտարկեալ են՝ Սմբատ Բարսեղեանը եւ Արմէն Բիլեանը։ Այդ առումով ծնծղաների ժամանակ չէ. մենք լինելու ենք այնտեղ», – ըսած է Վարուժան Աւետիսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment