Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեղադրանք Առաջադրուած է Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանին

Մեղադրանք Առաջադրուած է Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Հրայր Թովմասեանին

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած է Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի երկրորդ մասի յատկանիշներով՝ «պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ»։

Սահմանադրական դատարանի գացած էին ՅՔԾ քննիչները Թովմասեանը հարցաքննելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք Թովմասեանը լրագրողներուն փոխանցած է՝ իր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին:

«Ինձ վեց ամիս առաջ դրա մասին զգուշացրել էին, որ «X, Y, Z քայլերը չանելու համար Ձեզ մեղադրանք մի օր կ’առաջադրուի»։ X, Y, Z քայլերը հրաժարական տալն էր։ Վերջի 6-7 ամսին Սահմանադրական դատարանը աշխատել է աննախադէպ ճնշումների ներքոյ։ Ճնշումները ոչ միայն հայհոյախառն էին, ոչ միայն սպառնալիքներ էին, ոչ միայն այսօրուայ մասին զգուշացումներ էին, այլ յստակ բռնութեան կոչեր էին եւ դրանց դրսեւորումներ», – ըսած է Հրայր Թովմասեանը։

Աւելի ուշ դատախազութիւնը որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է. քրէական գործը կը վերաբերի Թովմասեանի արդարադատութեան նախարար եղած ժամանակահատուածին 2 դրուագով առերեւոյթ պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման: Ըստ դատախազութեան, Թովմասեանը «իր հետ քաւոր-սանիկական փոխյարաբերութիւններու մէջ գտնուող անձի հետ յանցակցութեամբ» օգտագործելով 2 նոտարներու իրմէ ունեցած կախեալ վիճակը՝ 2013 թուականի Հոկտեմբերին վերջիններուս հետ ձեռք բերած է անոնց համար ակնյայտ ոչ շահաւէտ գինով տարածքը վարձակալութեամբ յանձնելու պայմանաւորուածութիւն: Որպէս արդիւնք  Սահմանադրական դատարանի ներկայիս նախագահը այդ երկու նոտարներէն իւրաքանչիւրէն, մինչեւ 2014 թուականի Ապրիլը, ամսական ստացած է 800 հազար դրամ վարձավճար՝ ընդհանուր 11 միլիոն 200 հազար դրամ:

Սանիկը, որուն կը յիշատակէ դատախազութիւնը, Արդարադատութեան նախարարութեան նախկին պաշտօնեայ Նորայր Փանոսեանն է, անոր եւս նոյն մեղադրանքը առաջադրուած է:

Քրէական գործի երկրորդ դրուագով 2012 թուականի Փետրուարին Թովմասեանը աշխատանքէն ազատելու սպառնալիքով միջամտած է նոտարական պալատի կառավարման եւ հարկադրած է պալատի նախագահին իր որոշած պայմաններով ու վարձավճարի չափով նոտարական պալատի համար վարձակալել փաստացի իրեն պատկանող անշարժ գոյքը: Որպէս արդիւնք՝ Թովմասեանը մինչեւ վարձակալութեան պայմանագրի լուծումը նոտարական պալատէն ստացած է աւելի քան 10 միլիոն դրամ վարձավճար, իսկ փաստացի Թովմասեանին պատկանող տարածքին մէջ նոտարական պալատի պիւտճէէն վերանորոգման համար ծախսուած է մօտ 2,5 միլիոն դրամ:

Թովմասեանը չէ ուզած խօսիլ իրեն առաջադրուած մեղադրանքի մասին, հրաժարած է նաեւ ցուցմունք տալ:

«Իմ փաստաբանները ինձ ասել են, որ «ոչինչ մի ասա», դրա հետ ինչ-որ նախաքննութեան գաղտնիք եւ այլն, ես ոչինչ չասեմ», – նշած է Թովմասեանը։

Նկատենք, որ Թովմասեանի նախարար եղած ժամանակ նոտարական գրասենեակներու հետ կապուած չարաշահումներու մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խօսած էր այս տարուան Յուլիս 17-ին «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment