Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ 68 Երեխայ Կը Սպասէ Որդեգրման

Հայաստանի Մէջ 68 Երեխայ Կը Սպասէ Որդեգրման

by MassisPost

Օտարերկրեայ որդեգրումներու քրէական գործով ձերբակալուած անձերէն 3-ին մեղադրանք առաջադրուած է։ Մանկաբարձութեան ու կինեքոլոկիայի հիմնարկի տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեանը կը մեղադրուի ծնողէն երեխան ապօրինի բաժնելու կամ փոխելու համար, ընդ որում 2 եւ աւելի երեխաներու նկատմամբ. Անոր առաջադրուած է նաեւ առեւտրային կաշառքի մեղադրանք։

«Մանկան տան» տնօրէն Լիանա Կարապետեանը կը մեղադրուի ծնողէն երեխան բաժնելու համար՝ պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով, իսկ Երեւանի 43-ամեայ բնակչուհին խումբ մը անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ 2 եւ աւելի երեխաներ ծնողներէն բաժնելու համար կը մեղադրուի։ Անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է գրաւը։

Քննչական կոմիտէի տեղեկացմամբ՝ այժմ դատարանը կը քննէ քննիչի միջնորդութիւնը 3 անձանց խափանման միջոց կալանքը ընտրելու վերաբերեալ։ Առաւօտեան Ռազմիկ Աբրահամեանին դատարան ուղեկցած էին հիւանդանոցէն։ Ան ձերբակալուելու որոշումէն ետք սրտի հիւանդութեան սրացմամբ տեղափոխուած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն: Կեդրոնի սրտաբանական բաժանմունքի ղեկավար Մայրանուշ Դրամփեանի խօսքով՝ վիճակը եղած է բաւականին ծանր:

Ձերբակալուածներէն էր նաեւ Ռազմիկ Աբրահամեանի տեղակալը՝ Արշակ Ջերեջեանը, անոր առայժմ մեղադրանք չէ առաջադրուած: Քննչական կոմիտէի նախագահը յայտարարած էր՝ ձեռք բերուած ապացոյցներու համադրութիւնը բաւարար է բոլոր ձերբակալուածներուն մեղադրանք առաջադրելու համար։

Յիշեցնենք, ապօրինի որդեգրումներու քրէական պատմութիւնը սկսաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բացայայտումներով, մէկ ամիս առաջ գործի վարոյթը փոխանցուեցաւ Քննչական կոմիտէին:

Խօսքը 2016-18 թուականներուն 30 փոքրիկներու ապօրինի գործընթացներով Իտալիա որդեգրելու մասին է։ Այդ 3 տարիներու ընթացքին ընդհանուր առմամբ օտարերկրեայ որդեգրման տրուած է 54 երեխայ։ Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալով ՝ անոնք բոլորը փաստաթուղթերով առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցած են, եւ Հայաստանի մէջ անոնց ոչ ոք ցանկացած է որդեգրել։ Այլ բան ըսած են Սոցիալական հարցերու նախարարութիւնը եւ իրաւապահները, նախարարութեան երեխաներու հիմնահարցերու բաժնի պետը ըսած է՝ այդ 30 երեխաներուն մեծ մասը եղած է առողջ:

«Տուեալները շատ յաճախ համակարգում ներկայացուել ու նշուել են որպէս անառողջ՝ տեղացիների կողմից որդեգրում իրականացնելու նպատակով», – ըսած է Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան երեխաներու հիմնահարցերու բաժնի պետ Անահիտ Քալանթարեանը:

Ան համաձայն է՝ որդեգրման թիւերն այս տարի նուազած են։ Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնած էր, որ միջպետական որդեգրումներու այս գայթակղութեան հետեւանքով Հայաստանի մէջ առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող փոքրիկները առանց ընտանիքի ու անհրաժեշտ թանկարժէք բուժումներու կը մնան մանկատուները։ Նախարարութեան ներկայացուցիչն ըսած է՝ պէտք է քաջալերենք հայաստանցիները, որպէսզի իրենք առողջական խնդիր ունեցող փոքրիկներ որդեգրեն։

Վերջին 20 տարին հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկի քանի մը որդեգրման դէպք եղած է Հայաստանի մէջ։ Այս տխուր վիճակագրութիւնը առայժմ բարելաւուելու միտում չունի: Հայաստանի մէջ առողջական խնդիր ունեցող փոքրիկ որդեգրող ընտանիքներու համար խրախուսող, աջակցող մեխանիզմներ չկան։ Արդիւնքը՝ այսօր  68 երեխայ կը սպասէ որդեգրման, այնինչ 200 հոգի որդեգրող ծնողի դրական եզրակացութեամբ պատրաստ կը սպասէ կատարեալ առողջ նորածինի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment