Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանի Աջակիցը Մարտ 1-Ի Գործով Տուժողին Ցուցմունքէն Հրաժարելու Առաջարկ Ըրած Է

Ռոպերթ Քոչարեանի Աջակիցը Մարտ 1-Ի Գործով Տուժողին Ցուցմունքէն Հրաժարելու Առաջարկ Ըրած Է

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցը Մարտ 1-ի գործով տուժողին ցուցմունքէն հրաժարելու առաջարկ ըրած է․ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներով եւ արդիւնքներով նախապատրաստուած նիւթերով փաստական տուեալներ ձեռք բերած է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցները հանդիպած են 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձանց եւ ականատես վկաներու հետ ու անոնց փորձած են կաշառել, որպէսզի վերջիններս հրաժարին իրենց ցուցմունքներէն։

Մասնաւորապէս, Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներէն մէկը Քանաքեռ գտնուող իր գրասենեակ հրաւիրած է Մարտ 1-ի դէպքերէն տուժած անձերէն մէկը ու առաջարկած հրաժարիլ տուժողի կարգավիճակէն, տուած ցուցմունքէն եւ չներկայանալ դատական նիստերուն՝ յայտնելով, որ պատրաստ է վճարել այն գումարը, որ պէտք է պետութիւնը տրամադրէ որպէս դրամական աջակցութիւն։

Բացի այդ, խոստացած է, որ անուանափոխութիւնէն ետք տուժողին պիտի նշանակեն բարձր պաշտօնի։

Դէպքի առթիւ ոստիկանութեան կողմէ քրէական գործ յարուցուած է։ Քրէական գործի շրջածիրէն ներս ի թիւս այլ գործողութիւններու կատարուած են խուզարկութիւններ։ Հանգամանքները քննութեամբ կը պարզուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment