Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Քարտուղարութիւնը Կը Յայտարարէ` «Վարչակազմի Տեսակէտը Կը Մնայ Անփոփոխ»

Պետական Քարտուղարութիւնը Կը Յայտարարէ` «Վարչակազմի Տեսակէտը Կը Մնայ Անփոփոխ»

by MassisPost

Դեկտեմբեր 17-ին, ԱՄՆ Պետական Գրասենեակը   մեկնաբանելով  Ծերակոյտին կողմէ Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչումը, յայտնեց որ վարչակազմի տեսակէտը կը մնայ անփոփոխ:

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան   խօսնակ Մորկըն Օրթակուս հրապարակեց պաշտօնական կարճ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է-. «Ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշումն անփոփոխ է: Մեր մօտեցումը արտացոլուած է այս տարուան Ապրիլին ԱՄՆ նախագահի կողմէ հնչած   յայտարարութեան մէջ»:

Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ նախագահ Տանոլտ Թրամփ 1915 թուականի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ եղեռն»` խուսափելով  ցեղասպանութիւն բառի օգտագործումէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment