Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. ԱՄՆ Ծերակոյտի Որոշումը Կարեւոր Է Ու Պատմական

Փաշինեան. ԱՄՆ Ծերակոյտի Որոշումը Կարեւոր Է Ու Պատմական

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հայ ժողովուրդի անունով գնահատանքի խօսք ուղղած է ԱՄՆ Ծերակոյտին ու Ներկայացուցիչներու տան՝ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող բանաձեւեր ընդունելու կապակցութեամբ։

Ելոյթ ունենալով Պաշտպանութեան նախարարութեան 2020 թուականի պիւտճէթային յատկացումներու վերաբերեալ խորհրդակցութեան ժամանակ՝ Փաշինեանը կարեւոր ու պատմական որակած է ԱՄՆ Ծերակոյտի՝ հինգշաբթի օր կայացուցած միաձայն որոշումը՝ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ոգեկոչել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը Օսմանեան կայսրութենէն ներս 1915-1923 թուականներուն:

«Ուզում եմ հայ ժողովրդի անունից գնահատանքի խօսքեր ասել ԱՄՆ Սենատի բոլոր անդամներին, նաեւ ուզում եմ գնահատանքի խօսքեր ասել Ներկայացուցիչների պալատի անդամներին. գիտէք, որ Հոկտեմբերի վերջին Ներկայացուցիչների պալատը նոյնպէս ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւ։ Ուզում եմ գնահատանքի խօսքեր ասել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հայութեանը, բոլոր այն կազմակերպութիւններին, անհատներին, ովքեր ներդրում են ունեցել այս կարեւոր եւ պատմական որոշման կայացման գործին, եւ ընդհանրապէս շնորհաւորել հայ ժողովրդին ճշմարտութեան այս պատմական յաղթանակի առիթով», – նշած է Փաշինեանը։

Հայաստանի ղեկավարի խօսքով, ԱՄՆ Քոնկրէսի զոյգ պալատներու որոշումը նոր էջ կը բանայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին։

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզ համար նաեւ անվտանգային կոմպոնենտ ունի եւ այդ գործընթացը կարեւոր է մեր երկրի եւ ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման տեսակէտից, եւ ուզում եմ ընդգծել, որ ոչ թէ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, այլ Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականութիւնն է ստիպում արձանագրել, որ Թուրքիան շարունակում է սպառնալիք լինել հայ ժողովրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, աւելի ճիշդ՝ այդ քաղաքականութիւնն է սպառնալի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի համար։ Գիտէք, որ, ըստ էութեան, շատ երկար ժամանակ, արդէն մօտ 30 տարի Թուրքիան շարունակում է փակ պահել Հայաստանի սահմանը, եւ այս երեւոյթները, իրողութիւնները մէկը միւսի շարունակութիւնն են», – ըսած է վարչապետը։

Փաշինեանն ընդգծած է՝ Միացեալ Նահանգներու ու շարք մը այլ երկիրներու որոշումները կ’արձանագրուին Թուրքիոյ վարած ապակառուցողական եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ։

Վարչապետը ամփոփած է՝ Հայաստանի ինչպէս նախկին բոլոր կառավարութիւնները, ներկայիս կառավարութիւնը նոյնպէս պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment