Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպական Յանձնաժողովն Ուժեղացուած Վերահսկողութիւն Սահմանած Է Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Նկատմամբ

Եւրոպական Յանձնաժողովն Ուժեղացուած Վերահսկողութիւն Սահմանած Է Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Նկատմամբ

by MassisPost

Եւրոպական յանձնաժողովն ուժեղացուած վերահսկողութիւն սահմանած է Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նկատմամբ: Պատճառն, ըստ յանձնաժողովի, անվտանգութեան վերահսկման նուազման նախանշաններն են։

Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը պարզաբանած է՝ խնդիրն առաջացած է այն բանէ ետք, երբ Taron Avia, Atlantis European Airways եւ  «Արմենիա»-ն ուզած են թռիչքներ իրականացնել դէպի Եւրոպա. փորձած են թոյլտւութիւն ստանալ։

«Արմենիա»-ն անցած է այդ հաշուեքննութիւնը, Atlantis European Airways-ը անցած է, բայց՝ խնդիրներով, իսկ Taron Avia-ն չէ անցած, եւ բացայայտուած են շատ լուրջ խնդիրներ, որոնք ուղիղ ազդած են թռիչքային անվտանգութեան վրայ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռեւազեանը:

Եւրոպական միութեան օդագնացութեան անվտանգութեան գործակալութեան ուսումնասիրութիւններէն ետք Taron Avia-ի մէջ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն ալ ստուգումներ իրականացուցած է։ Խնդիրները վերացնելու համար կոմիտէն վեց ամիս տրամադրած է, Տաթեւիկ Ռեւազեանն ըսած է՝ Taron Avia-ի ղեկավարներն ըսած են, թէ այդ ժամանակահատուածին չեն կրնար վերացնել թերութիւնները։ Որոշուած է՝ ընկերութիւնը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Ռեւազեանը խոստովանած է՝ իրենք թերացած են. կոմիտէն պէտք է ի սկզբանէ բացայայտէր խնդիրները. – «Դա մեր պատասխանատուութիւնն է, եւ մենք պէտք է նկատէինք, եւ չենք նկատել: Դա խնդիր է: Ինձ թւում է՝ հիմնական պատճառը նա է, որ մենք ռեսուրսների խնդիր ունենք»:

Օդագնացութեան մասնագէտները մտավախութիւն ունին՝ Եւրոպական յանձնաժողովը յաջորդ անգամ հնարաւոր է  «սեւ ցուցակի» վրայ դնել Հայաստանը՝ արգիլելով թռիչքները։

«Մենք պէտք է թոյլ չտանք, որ մեր պետութիւնը յայտնուի այդ ցուցակում դա պարզ է», – շեշտած է Տաթեւիկ Ռեւազեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment