Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Ամօթալի Որակած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունումը ԱՄՆ Ծերակոյտի Կողմէ

Անգարան Ամօթալի Որակած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունումը ԱՄՆ Ծերակոյտի Կողմէ

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարան ամօթալի որակած է նախօրէին ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Ծերակոյտի որոշումը զուրկ է պատմական եւ իրաւական հիմքէ եւ պարտաւորեցնող բնոյթ չունի: «Ծերակոյտի որոշումը պատմութիւնը քաղաքականացնելու ամօթալի օրինակներէն է: Այնուհանդերձ, իրականութիւնը անտեսելով պատմութիւնը քաղաքական շահերու համար օգտագործողները չեն կրնար հասնիլ իրենց նպատակներուն», – ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ ամերիկացի օրէնսդիրներու որոշումը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացմանն ուղղուած ջանքերն արգելակող կործանիչ քայլ է: «Թուրքիան վճռականօրէն պիտի շարունակէ պայքարիլ տարածաշրջանին մէջ իր կենսական շահերը պաշտպանելու համար՝ չենթարկուելով նման անարդար ու անմիտ որոշումներու ազդեցութեան», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշումին արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու: Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է.

«ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին որոշումը քաղաքական բեմադրութիւն է: Անիկա իրաւական հենք եւ ուժ չունի: Անոնք որոնք պատմութիւնը կ’օգտագործեն քաղաքական նպատակներով` վախկոտներ են, որոնք չեն ցանկար առերեսուիլ պատմութեան հետ»:

Արձագանգած է նաեւ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը: Ան նշած է, որ այս որոշումը « թէ՛ քաղաքական,  թէ՛  տնտեսական, ռազմական, ոլորտի մէջ Թուրքիոյ վճռական դիրքորոշման վրայ ոչ մէկ կերպով ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

Թուրքիայի խորհրդարանական ուժերը նոյնպէս դատապարտած են ԱՄՆ Ծերակոյտին որոշումը։

Իշխող  «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակացութեան  (ԱԶԿ-AKP) փոխնախագահ Մահիր Ունալը յայտարարած է, որ Թուրքիան ԱՄՆ Ծերակոյտի որոշումը կ՛ընդունի «առ ոչինչ»:

Խորհրդարանին մէջ  ներկայացուած 3 ընդդիմադիր ուժերը` «Ժողովրդահանրապետական» (CHP), «Ազգայնական շարժում» (MHP) եւ «Լաւ»  (İYİ PARTİ)  կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու նախագահները դատապարտելով Ծերակոյտին կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը՝ յայտարարած են, որ ի պատասխան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւնները եւս պէտք է հանդէս գան միասնական որոշումով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment