Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսական Յայտնի PAUL Սրճարաններու Ցանցը Պիտի Բացուի Հայաստանի Մէջ

Ֆրանսական Յայտնի PAUL Սրճարաններու Ցանցը Պիտի Բացուի Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսական յայտնի PAUL («Փոլ») սրճարաններու ցանցը, որ ներկայացուած է աշխարհի 46 երկիրներու մէջ, շուտով մուտք պիտի գործէ Հայաստան։ Աւելի քան երկու տարի տեւած բանակցութիւններէն ետք «Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբը ստորագրած  է պայմանագիրը PAUL Interntional-ի ներկայացուցիչներու հետ։ Պայմանագիրն ամրագրած է այն կարեւոր լուրը, որ յառաջիկայ քանի մը տարուան մէջ 5 PAUL պիտի բացուի Հայաստանի մէջ, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մօտ 200 նոր աշխատատեղերու ստեղծման։

«PAUL-ը մեզ համար կարեւոր նախագիծ է, որն, ի հարկէ, նոր որակ ու չափորոշիչ կը բերի հայկական շուկայ։ Առհասարակ, «Կալաքսի» ընկերութիւնների խմբում հիւրանոցային եւ ռեստորանային ոլորտը այն կարեւոր ուղղութիւններից է, որտեղ մենք տարիներ շարունակ նորամուծութիւններ ենք բերում, փոփոխում ենք ոլորտի խաղի կանոնները, եւ PAUL-ը այդ առումով մեր հերթական ձեռքբերումն է։ 130 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող այս   մակնիշը  մի ամբողջ փիլիսոփայութիւն է, որը սովորեցնում է փոքրիկ ուրախութիւններով կեանքը սիրելու ու վայելելու արուեստը՝ ֆրանսական «arts de vivre»-ն», -նշած է «Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբի համահիմնադիր, PAUL նախագիծի ղեկավար Արտեոմ Խաչատրեանը։

PAUL-ը հիմնադրուած է 1889 թուականին՝ որպէս հիմք ունենալով ընտանեկան պիզնեսի լաւագոյն աւանդոյթները։ Սկզբնապէս գործելով որպէս ֆրանսական հացապուլկեղէնի խանութ, յետագային այն ընդլայնուած է որպէս խանութ, ապա սրճարան-ճաշարան։ Ներկայիս PAUL International-ը կը ղեկավարեն PAUL-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Հոլտըրի 4-րդ եւ 5-րդ սերունդները, որոնք անձամբ կը հետեւին ողջ գործընթացին. հացահատիկի ընտրութենէն մինչեւ յաճախորդներու մատուցում։

«Անհամբեր կը սպասենք PAUL-ի ժամանման Հայաստան»,-ըսած է  ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը, միանալով այս կարեւոր յայտարարութեան։

Կարեւոր է ընդգծել, որ PAUL-ը հասանելի  մակնիշ  է եւ գնային քաղաքականութիւնը կառուցուած է այնպէս, որ ֆրանսական որակն ու ապրելակերպը մօտ ըլլայ բոլորին ըստ ցանկութեան։

PAUL-ը «Կալաքսի» ընկերութիւններու կողմէ յայտարարուած երրորդ խոշոր միջազգային նախագիծն է 2019-ի համար։ Առաջինը տարեսկիզբին էր, երբ «Կալաքսին» յայտարարեց Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու փարքի կառուցման մասին, իսկ երկրորդը ամրան էր՝ Courtyard by Marriott հիւրանոցի եւ բնակարանային համալիրի նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment