Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ 2,200.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կալա-ճաշկերոյթին

2,200.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Կալա-ճաշկերոյթին

by MassisPost

Բացառիկ յաջողութեամբ պսակուցաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարնաի տարեկան 2րդ կալա-ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի 8 Դեկտեմբեր, 2019, Պէվըրլի Հիլզի Հիլթոն հիւրանոցի հանդիսասրահին մէջ:

Արդարեւ, Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի Խնամակալ Մարմնի նախաձեռնած սոյն շքեղ միջոցառումին ներկայ էին շուրջ 900 հոգի: Հրաւիրեալներուն մէջ կը նշմարուէին ԱՄՆ-ի գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ, ԱՄն-ի Ծովային Ոյժերու նախկին նախարար Փոլ Իգնատիոս, Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, հայ գաղութի կրօնական եւ քաղաքական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութեանց ու մերձակայ քաղաքներու քաղաքապետութեանց ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ: Մթնոլորտը տօնական էր:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը, կատարողութեամբ Հ.Բ.Ը.Մի երգչախումբին, որ յետոյ մթնոլորտը խանդավառեց «Ազգ Փառապանծ» երգով:

Սեղաններու օրհնութեամբ եւ ողջոյնի խօսքերով ելոյթներ ունեցան Հայ-Ամերիկեան թանգարնաի Խնամակալ Մարմնի համա-ատենապետներ՝ Թեմիս հոգեւոր առաջնորդներ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միքայէլ Եպիս. Մուրատեան եւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան:

Կառուցուելիք թանգարանի վերաբերեալ շահեկան տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ մեկնաբանութեամբ հեռատեսիլի համբաւաւոր աստղ՝ Արաքսիա Կարապետեանի:

Օրուան հանդիսավարն էր տեղական հեռատեսիլի անուանի խօսնակ Լաուրա Մգէնզի: Ան նշեց թէ իր ամւըսինե ծագումով հայ է եւ 15 անգամ այցելած է Հայաստան, մեծ մասամբ՝ նկարահանումներու առաքելութեամբ:

Յաջորդաբար ելոյթներով հանդէս եկան վարչութեան գործադիր տնօրէն՝ Շանթ Սահակեան եւ թանգարանի Խնամակալ Մարմնի գործադիր ատենապետ՝ Պերճ Կարապետեան: Անոնք շեշտեցին Կլենտէյլի սիրտին մէջ կառուցուելիք թանգարանին վերապահուած կարեւոր դերը, նոր սերունդին փոխանցած պատմական հարուստ ժառանգութեան ծանօթացման գծով:

Կրեկ Հօշարեանի ղեկավարած Armenian Pops Ensemble-ի գեղարուեստական բարձրորակ կատարումէն եւ ընթրիքի սպասարկումէն ետք ելոյթ ունեցաւ Գալիֆորնիոյ ծերակուտական Անթոնի Փորթանթինոն: Ան ջերմօրէն ողջունեց Հայ-Ամերիկեան թանգարանի պանծալի կառոյցի նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ իր շարունակական աջակցութիւնը բերել սոյն գեղեցիկ ծրագրի իրականացման համար:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետի մօտ սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններու ներքեւ բեմ բարձրացաւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի անդամ՝ Ատամ Շիֆ, որուն ներկայութիւնը հաճելի անակնկալ մըն էր բոլորին համար: Ան ըսաւ թէ բարձր կը գնահատէ հայ ժողովուրդի օգտաշատ ներդրումը երկրի բարգաւաճման համար: Նշեց որ միշտ զօրավիգ դարձած է հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ ցեղասպանութեան ճանաչման համար 19 տարի պայքարելէ ետք յաղթական դուրս եկած է Ներկայացուցիչներու Ժողովէն: «Հպարտ եմ որ այս հայաշատ շրջանի ներկայացուցիչն եմ գոնկրէսին մէջ» յարեց ան:
Այս պատեհ առիթով, Հայ-Ամերիկեան թանգանրանի Խնամակալ Մարմինը յուշաքանդակներով պարգեւատրեց, իրենց օգտաշատ ներդրումներն ունեցողներ՝ Քէնէթ Խաչիկեանին (ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներու ճառերը գրող), Քէթրին Պէրկէրին (Լոս Անճելոս գաւառի վերակացու) եւ Փոլ Իգնատիոսին (ԱՄՆ-ի նախկին Ծովուժի Նախարար եւ Պաշտպանութեան նախարարի քարտուղար): Բոլոր մեծարեալներն ալ իրենց սրտի ջերմ խօսքերով շնորհաւորեցին այս շքեղ նախաձեռնութիւնը եւ բարի երթ մաղթեցին նախաձեռնողներուն:

Աւարտին յայտարարուեցաւ որ նուիրատուութիւններու գումարը հասած է մօտ 2,200.000 տոլարի:

Բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ:
Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment