Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) կը տեղեկացնէ որ, Դանիէլ Գուշաքճեան նշանակուած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը Ուաշինկթընի մէջ:
«Մենք շատ հպարտ ենք ողջունելու Դանիէլը՝ Ուաշինկթընէն մէջ մեր ջանքերը ղեկավարելու համար», յայտնած է ՀԱԽ-ի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան. «Անոր լայն փորձառութիւնը՝ հայութեան առնչուող հարցերուն շուրջ եւ իր նուիրումը մեր համայնքին, մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ՝ մայրաքաղաքէն ներս մեր աշխատանքները ծաւալելու նպատակով:
«Խանդավառ եմ գործակցելու ՀԱԽ-ի նուիրեալ կազմին հետ: Ներկայացուցիչներուն Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վերահաստատումէն ետք եւ Ամերիկահայութեան տասնամեակներու ընթացքին նուիրումը այս նպատակներուն, Հայ-Ամերիկեան յարաբերութիւնները կը դարձնեն աւելի խոստմնալից եւ հեռանկարային՝ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին», իր կարգին ըսած է Դանիէլ Գուշաքճեան:
Դանիէլ Գուշաքճեան անցեալին աշխատած է Հայկական Համագումարէն ներս: