Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը Նախնական Յաղթանակ Տարած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններուն

Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը Նախնական Յաղթանակ Տարած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւններուն ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ նախնական յաղթանակ տարած է պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը:

Կիրակի ուշ երեկոյեան Նախաձեռնարկ մարմնի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ նարնջագոյններու ճակատը ստացած է 9008 ձայն՝ Մաշալեան սրբազանի համար ապահովելով 89 պատուիրակ: Պատրիարքական միւս թեկնածու Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորած մանիշակագոյն ճակատը ստացած է 3529 քուէ՝ ունենալով 12 պատուիրակ: Մէկ պատուիրակ նախընտրած է անկախ մնալ: 753 քուէաթերթիկ  անվաւեր ճանչցուած է, 376 մարդ դատարկ քուէաթերթ նետած է տուփը:

Թրքահայութիւնը ըստ գրանցման վայրի քուէարկած էր պատրիարքի երկու թեկնածուները ներկայացնող պատուիրակներու օգտին: Պոլսոյ մէջ ամենաշատ հայ բնակչութիւն ունեցող թաղամասերուն՝ Ֆերիքէոյի, Պաքըրքէոյի, Եէշիլքէոյի եւ Սամաթիայի մէջ բաւական մարդաշատ էր, ընտրատեղամասերուն մէջ կուտակումներ նկատուած էին, համայնքի անդամները եկած էին ընտրելու իրենց պատուիրակները: Ընդհանուր առմամբ քուէարկութեան մասնակցած է 13 հազար 704 համայնքային անդամ՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու շուրջ 30 տոկոսը: Շատերը չեն եկած քուէարկութեան՝ այս ընտրութիւնը համարելով անարդար, քանի որ թրքական պետութեան ուղարկած ընտրական կանոնադրութեամբ սահմանափակուած էր շարք մը հոգեւորականներու պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու հնարաւորութիւնը:

Քուէարկութիւնը հիմնական խաղաղ անցած է, պատրիարքի երկու թեկնածուները՝ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանն ու Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը այցելած են իրենց գրանցման թաղամասեր՝ Պաքըրքէօյ եւ Ֆերիքէօյ, քուէարկած են տեղի եկեղեցիներուն մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած հաւաքուած բազմութեան մասնակցութեան համար: Արդէն երեկոյեան, երբ յայտնի էին քուէարկութեան արդիւնքները, նարնջագոյնները հաւաքուած էին Կետիքփաշայի հայկական եկեղեցի՝ տօնելու իրենց յաղթանակն ու ողջունելու հաւանական նոր պատրիարքը:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի երկաստիճան սկզբունքով՝ համաձայն 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան: Հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակները միասին կ’ընտրեն պատրիարքը: Յառաջիկայ չորեքշաբթի Կիրակի ընտրուած աշխարհական 102 պատուիրակներն ու շաբաթ երեկոյեան յայտնի դարձած 17 հոգեւորականները միասին պիտի ընտրեն Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment