Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ղեկավարութիւնն Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդ՝ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրուան Կապակցութեամբ

Հայաստանի Ղեկավարութիւնն Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդ՝ Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրուան Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրուան առիթով՝ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, 9 Դեկտեմբերին, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ծաղիկներ խոնարհեցին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Նշենք, որ 11 Սեպտեմբեր 2015-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի 69-րդ նստաշրջանին ընթացքին միաձայն ընդունուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 69/323 բանաձեւը, որմով հռչակուած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան ու այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օր: Նախաձեռնութիւնը կը բխի ս.թ. 27 Մարտին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ միաձայն ընդունուած բանաձեւին դրոյթներէն: Սոյն բանաձեւերը կ՝ընդգծեն ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման անհրաժեշտութիւնը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի կանխարգելման գործին մէջ։ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը ընդունուած է 9 Դեկտեմբեր 1948-ին։ Յիշեալ բանաձեւերը եւ միջազգային օրուան բարձրաստիճան ձեռնարկները կու գան լրացնելու Հայաստանի շարունակական ջանքերը` խթանելու ու համախմբելու ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ ուղղուած միջազգային գործողութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment