Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Իշխանութեան Օրօք Քաղաքական Հետապնդում Չէ Եղած, Չկայ Ու Պիտի Չըլլայ․ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ ՀՀԿ-Ի Յայտարարութեան Մասին

Մեր Իշխանութեան Օրօք Քաղաքական Հետապնդում Չէ Եղած, Չկայ Ու Պիտի Չըլլայ․ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ ՀՀԿ-Ի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի դիտարկմամբ՝ իշխանութիւններու եւ իրաւապահ մարմիններու նկատմամբ կայ լիարժէք վստահութիւն, ի տարբերութիւն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան։

Խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նախարարը նման ձեւով արձագանգած է ՀՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան՝ ուղղուած Սերժ Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքի մասին։

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինը յայտարարած էր, որ Սերժ Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքը կը համարեն բացառապէս քաղաքական հետապնդման դրսեւորում։

«Հայաստանում առնուազն մեր իշխանութեան օրօք քաղաքական հետապնդումներ չեն եղել, չկան եւ չեն լինելու»,- ընդգծած է Արայիկ Յարութիւնեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment