Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԿԳՄՍ Նախարարութեան Մօտ Ցոյց Ընող 24 Անձ Բերման Ենթարկուած Է

ԿԳՄՍ Նախարարութեան Մօտ Ցոյց Ընող 24 Անձ Բերման Ենթարկուած Է

by MassisPost

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան մօտ ցոյց ընող 24 անձ բերուած է ոստիկանութիւն: Անոնք բերման ենթարկուած են ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով նախատեսուած արարք կատարելու՝ ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարելու համար:  Այս մասին յայտնած են ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութենէն։

ՀՅԴ երիտասարդները  օրեր շարունակ նստացոյց ըրած էին նախարարութեան դիմաց, այնուհետեւ անոնք յայտարարած էին, որ պիտի դադարեցնեն նստացոյցը՝ սպասելով Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման: Անոնք այսօր եկած էին նախարարութեան մօտ՝ հանդիպելու Ա. Յարութիւնեանի հետ: Սակայն վերջինս չեկաւ հանդիպման: Անոնց պահանջները  հիմնական կը վերաբերին նախարարութեան վարած քաղաքականութեան:

Երիտասարդները երէկ նախ փակեցին նախարարութեան մուտքը, որմէ ետք ոստիկանութիւնը ֆիզիքական ուժ գործադրելով՝ անոնց հեռացուց այդտեղէն, այնուհետեւ անոնք փակեցին Վազգէն Սարգսեան փողոցը, ուր նոյնպէս ոստիկաններու կողմէ ֆիզիքական ուժի գործադրմամբ հեռացուեցան: Աւելի ուշ բոլոր բերման ենթարկուածները ազատ արձակուած էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment