Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Փաշինեանն Ընդունած Է Յորդանանի Արտաքին Գործերու Նախարարը

Վարչապետ Փաշինեանն Ընդունած Է Յորդանանի Արտաքին Գործերու Նախարարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու նախարար Այման Ալ Սաֆատին, կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն։

Վարչապետը ողջունած է Յորդանանի ԱԳ նախարարի այցը Հայաստան եւ նշած, որ այն նոր ազդակ, ուժ կը հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն: Ան առանձնակի կարեւորած է տնտեսական կապերու խորացումն ու առանձին ճիւղերու մէջ, այդ շարքին՝ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը:

Այման Ալ Սաֆատին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուցած, որ իր երկիրը եւս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը: Յորդանանի արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ունեցած արդիւնաւէտ հանդիպումներու շնորհիւ երկկողմ համագործակցութեան նոր թափ պիտի հաղորդուի:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Յորդանանի կառավարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելու համար: Նիկոլ Փաշինեանն անթոյլատրելի համարած է ԼՂ հակամարտութեան կրօնական բնոյթ հաղորդելը եւ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ այն այդ ծիրէն ներս ներկայացնելը:

Համաձայնելով վարչապետի դիտարկման հետ՝ Յորդանանի արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու նախարարը կարեւորած է ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment